Շաբաթ, 15 փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարճ հանդիպումը:
Հանդիպումէն ետք Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով քննարկում` Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի մասնակցութեամբ:
Քննարկումը տեւեց մօտ 45 վայրկեան, զայն վարեց «Ամերիկա-Ռուսիա» հիմնադրամի նախագահ Սելեսթա Վալանտերը: Փաշինեանը եւ Ալիեւը հանդէս եկան ելոյթներով:
Աւելի ուշ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձաւ Միւնիխի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկման ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ արտայայտուած սկզբունքներուն` զանոնք անուանելով «Միւնիխեան սկզբունքներ»:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այդ սկզբունքներն են`
«1. Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն ստացած է այնպէս, ինչպէս Ազրպէյճանը:
- Լեռնային Ղարաբաղը հակամարտութեան եւ բանակցային կողմ է, առանց անոր հետ բանակցելու կարելի չէ տագնապը լուծել:
- Չկան տարածքներ, կայ անվտանգութիւն. Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար զիջիլ իր անվտանգութիւնը:
- Կարելի չէ տագնապը լուծել մէկ կամ երկու գործողութեամբ. բանակցային գործընթացին մէջ անհրաժեշտ են «միքրօ յեղափոխութիւններ», ապա «մինի յեղափոխութիւններ», ապա ճեղքում:
- Հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին համար, Ղարաբաղի ժողովուրդի համար, Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար եւ Հայաստանն, ու Ղարաբաղը պատրաստ են լրջագոյն ջանքեր գործադրել նման լուծում գտնելու համար: Այսպիսի պատրաստակամութիւն պէտք է ցուցաբերէ նաեւ Ազրպէյճան:
- Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չունի զինուորական լուծում: Եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, որ հարցը զինուորական լուծում ունի, Ղարաբաղի ժողովուրդը պիտի ըսէ` ուրեմն անիկա վաղուց լուծուած է»:
Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը միայն մէկ անգամ պաշտօնապէս բանակցած են` անցեալ տարուան մարտին, Վիեննայի մէջ: Սակայն կարճատեւ հանդիպումներ եւ կապեր եղած են: