Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին հետ իր հանդիպումին արդիւնքէն գոհ է` աւելցնելով, որ ինք պապը հրաւիրած է մօտիկ ապագային այցելելու Լիբանան:
Միքաթի նշեց, որ պապը ամէն ուղղութեամբ պիտի աշխատի` օժանդակելու Լիբանանի տագնապին լուծման:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմի փոփոխութեան, յատկապէս` արդարութեան նախարար Հանրի Խուրիի փոփոխութեան վերաբերող լուրերը անճիշդ են: