Անցեալ շաբաթ յետմիջօրէին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ կայացաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Միքաթի նախագահ Աունին ներկայացուց կարգ մը նոր պահանջներ, որոնք քաղաքական որոշ ուժեր յայտնած են վարչապետին:
Թէեւ հանդիպումը մնաց տեղեկատուութեան տեսադաշտէն հեռու, սակայն հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան երկու պետերը հաստատեցին, որ պիտի ջանան լուծել այդ պահանջներուն վերաբերող հարցերը:
Միւս կողմէ, շաբաթ գիշեր նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց երիտասարդական պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ընթացքի մէջ է եւ յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ «Սպիտակ ծուխ»-ը նշմարել:
Կիրակի երեկոյեան վարչապետ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ ինք անձնապէս երկար չի կրնար սպասել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:
«Սակայն կը յուսամ, որ նախագահ Աունի հետ կը յաջողինք կազմել կառավարութիւն մը, այլապէս` ինձմէ բացի այլ անձնաւորութիւն մը կը կազմէ զայն», ըսաւ ան:
Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը պէտք է ունենայ ժողովուրդին զօրակցութիւնը` ընդգծելով, որ վարչապետը առանձին ոչինչ կրնայ իրագործել:
Երէկ կէսօրէ ետք նախագահ Աուն ընդունեց վարչապետ Միքաթին:
Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ շարունակած է կառավարութեան կազմութեան խորքային քննարկումը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն քննարկումը պիտի շարունակուի:
«Կը փորձենք լուծել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող բոլոր խնդիրները: Այս շաբթուան ընթացքին նախագահ Աունի հետ քննարկումներն ու հանդիպումները պիտի շարունակենք, եւ արդէն իսկ նախարարներուն անունները քննարկելու փուլին մէջ ենք», ըսաւ Միքաթի:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հաւանականութիւնը աւելի բարձր է` քան իր հրաժարականին հաւանականութիւնը:
«Ճիշդ է, որ կառավարութեան կազմութեան յստակ ժամկէտ չեմ ճշդած, սակայն այդ հոլովոյթը անժամկէտ չէ», ընդգծեց վարչապետ Միքաթի:
Նշենք, որ երէկ կէսօրին նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Շիա յայտնեց, որ ինք հանդիպում ունեցած է վարչապետ Միքաթիի եւ ապա նախագահ Աունի հետ, որոնց հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Ան հաստատեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, թէ երկրին տնտեսութիւնը վատառողջ է, իսկ ժողովուրդին մատուցուող տարրական ծառայութիւնները ամբողջական փլուզումի սեմին կը գտնուին:
Շիա ընդգծեց, որ առանց բարեկարգումներ իրագործելու կարողութիւններ ունեցող կառավարութեան` Լիբանանի դիմագրաւած իւրաքանչիւր օրը մարդկային նոր աղէտի մէջ մխրճուելու առիթ է:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցին ու կ՛օժանդակեն լիբանանցիներուն:
«Գիտենք, որ Լիբանանի ժողովուրդը չի կրնար սպասել, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան կազմութիւնն ու բարեկարգումը արգելակող կողմերուն` կուսակցական իրենց շահերը մէկդի դնելու», շեշտեց Շիա:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Եւրոպական Միութեան կողմէ նոր պատժամիջոցներ որդեգրելու քայլը` Լիբանանի մէջ բարեկարգումն ու հաշուետուութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Ֆրանսայի մէջ գործող Լիբանանեան համախմբումի ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք պիտի չհրաժարի եւ պարտականութիւնները մինչեւ վերջ պիտի կատարէ, ու ո՛չ ոք պիտի կարենայ զինք ցնցել:
«Կը պատրաստուինք յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին կազմելու նոր կառավարութիւն մը, հակառակ անոր որ ոմանք կը ջանան արգելակել
կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Հակառակ հանրապետութեան նախագահին կորսնցուցած իրաւասութիւններուն, ան կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին մէջ գործընկեր է եւ իր վայելած բարոյական իրաւասութեան շրջագիծին մէջ կրնայ ընտրել առաջարկուած անուններէն», շեշտեց ան: