Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հատուցման քարտ ստանալու ել-հարթակին մեկնարկը յայտարարեց պաշտօնապէս, այլ խօսքով` արձանագրութեան պայմանները եւ կարելիութիւններ:
Ան նկատել տուաւ, որ այս ել-հարթակին նպատակը պիտի ըլլայ նաեւ ընկերային ապահովութեան ցանց մը ստեղծելու շտապ ծրագիրին ֆինանսաւորում ապահովել:
Այս առիթով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք դարձեալ կը տատամսի ժողովի հրաւիրել կառավարութիւնը ` մաղթելով, որ բոլորը համոզուին, թէ նախարարաց խորհուրդը պէտք է հեռու պահել ամէն բանէ, որ իր գործերուն հետ չ՛առնչուիր, ինչպէս` դատական իշխանութիւնները, որոնք ըստ սահմանադրութեան անկախ կերպով կը գործեն:
Միքաթի շեշտեց, որ ինք տակաւին կը փորձէ իմաստութեամբ լուծել այս հարցը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի ամէն տեսակ քայլի, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ տեսակէտներու մերձեցում կատարել:
Միքաթի ընդգծեց, որ ելեւմտական, տնտեսական, ծառայութիւններու եւ ընկերային առումով, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու իմաստով, կառավարութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ ծաւալած է:
«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Նախարարական
Յանձնախումբը Տուաւ Նոր Որոշումներ
Երեկոյեան վարչապետ Միքաթի նախագահեց ելեւմտական եւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի յատուկ նախարարական յանձնախումբերու նիստերուն:
Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ նիստէն ետք յայտնեց, որ նախարարական յանձնախումբը դպրոցներուն Նոր տարուան արձակուրդ ճշդած է 16 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյէն մինչեւ 10 յունուար 2022-ի առաւօտ:
Ապիատ յայտնեց նաեւ, որ 17 դեկտեմբեր 2021-9 յունուար 2022` երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 չպատուաստուած քաղաքացիներուն երթեւեկը պիտի արգիլուի:
Ան նշեց, որ այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին բոլոր անոնք, որոնք «Քորոնա» ժահրին դէմ նուազագոյնը առաջին պատուաստը ստացած են:
Ապիատ անհրաժեշտ նկատեց, որ 10 դեկտեմբեր 2021-էն սկսեալ զբօսաշրջական հաստատութիւնները, հիմնականին մէջ ճաշարաններն ու պանդոկները հիւրընկալեն պատուաստուած քաղաքացիները կամ պարտադրեն, որ այցելուները ունենան «Փի. Սի. Ար.» քննութեան ժխտական արդիւնք մը, որ 48 ժամ առաջ կատարուած է:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է յարգել ընկերային հեռաւորութեան կանոնները` կարեւոր նկատելով նաեւ, որ քարոզչական նոր արշաւ մը սկսի «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու առումով:
Ապիատ հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պատուաստումի կեդրոններուն թիւը աւելցնելու, որպէսզի առիթ տայ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներու պատուաստումին եւ այդպիսով բարձրացնէ հաւաքական դիմադրողականութեան համեմատութիւնը: