Դերասան Միքայէլ Պօղոսեան Պուխարեստի մէջ կայացած Ռումանիոյ ֆիլմարուեստի միջազգային 8-րդ փառատօնին «Լաւագոյն դերասան» անուանակարգի մէջ արժանացած է առաջին մրցանակին` «Եթէ բոլորը…» շարժանկարին մէջ գլխաւոր դերակատարման համար: Այս մասին` ըստ Panorama.am-ի` յայտնած է դերասանը: Մ. Պօղոսեան նշած է, որ փառատօնի մրցութային ծրագիրին մէջ ներկայացուած էր ինը շարժանկար` Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Ռուսաստանէն, Ատրպէյճանէն, Պուլկարիայէն:
«Հայաստանից ներկայացուած էր ղարաբաղեան պատերազմի մասին պատմող «Եթէ բոլորը…» ֆիլմը: Ես, որպէս ֆիլմի գլխաւոր դերակատար, աժանացայ առաջին մրցանակին` «լաւագոյն դերասան» անուանակարգում»,- ըսած է Մ. Պօղոսեան:
Նշենք, որ «Եթէ բոլորը…» շարժանկարը արդէն ներկայացուած է տարբեր փառատօներու, արժանացած մրցանակներու: Շարժանկարը «Ոսկէ ծիրան» 9-րդ միջազգային երեւանեան փառատօնին ճանչցուած էր «Լաւագոյն հայկական» խաղարկային շարժանկար:
Միքայէլ. Պօղոսեանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ ֆիլմը այժմ ներկայացուած է Պուսանի միջազգային կինոփառատօնին:
«Եթէ բոլորը» շարժանկարը նուիրուած է ՀՀ անկախութեան ու բանակի ստեղծման 20-ամեակին: Հերոսուհին` կէս հայուհի, կէս ռուս Սաշան (Եկատերինա Շիդովա), ազատամարտիկի դուստր է, որուն հայրը զոհուած է ղարաբաղեան պատերազմին: 20 տարի անց ան կու գայ Հայաստան` հօր գերեզմանը գտնելու եւ իր հետ բերած կեչին տնկելու:
Ռումանիոյ ֆիլմարուեստի միջազգային 8-րդ փառատօնը կայացած է Սեպտեմբեր 27-էն Հոկտեմբեր 7, Պուխարեստի մէջ: