ԼՈՆՏՈՆ.- Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ, միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան ընտրուած է անգլիական բարձրագոյն դասակարգին մէջ մրցող Լոնտոնի «Արսենալ» խումբի Փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Ըստ ակումբի պաշտօնական կայքին, Մխիթարեան Փետրուարը սկսած է՝ «Էվըրթըն»ի դէմ խաղի ընթացքին կօլային երեք փոխանցումներու հեղինակ դառնալով, իսկ այնուհետեւ կօլային երկու փոխանցումներու հեղինակ դարձած է շուէտական «Օսթերսունտս» խումբին դէմ «Եուրոփա» մրցաշարքի ծիրէն ներս կայացած մրցումին ժամանակ։
Նշենք, որ Փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի քուէարկութեան ընթացքին, Մխիթարեան ստացած է քուէներուն գրեթէ երեք քառորդը՝ իր ետին ձգելով Նաչօ Մոնրէալը եւ Էրըն Ռեմզին։