ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն, քիչ մը ցոյցերու մթնոլորտէն ազդուած, քիչ մը տօնական օրերէն խանդավառուած, քիչ մը ժողովուրդ սիրաշահելու նպատակներ ունենալով, Լիբանանի տարածքին լսատեսողական լրատուամիջոցներու, բարեսիրական, քաղաքական, կրօնական թէ ընկերային կազմակերպութիւններու կողմէ օգնութիւններ բաժնելու փառատօն մը տեղի կ՛ունենայ:
Փառատօն կ՛ըսեմ, որովհետեւ բաժնողներուն համար բաժնելու, նկարուելու, օգնութեան ձեռք երկարելը ընկերային ցանցերով տարածելու աքթը աւելի կարեւոր կը նկատուի, քան լուռ, առանց ձայնի եւ աղմուկի նպաստներ բաժնելը:
Աւելի՛ն. ամէնէն կարեւորը այն է, որ մեր ժողովուրդը այսօր չէ որ կարիք ունի օգնութեան: Սակայն ճիշդ է նաեւ, որ այսօր աւելի կարիքաւորներ ունինք, քան երկու ամիս առաջ:
Մեր աւանդական կառոյցները տարին 365 օր կարիքաւոր ընտանիքներուն հասնող կառոյցներ են: Մեր պարտականութիւնն է ծառայելը եւ մենք երէկ, այսօր եւ վաղը միշտ ալ պատնէշի վրայ ենք ու պիտի մնանք, որպէսզի մեր ժողովուրդը առանձին չզգայ: Մեր ժողովուրդը չբարոյալքուի:
Նորելուկ օգնութեան հասնողները պէտք է լաւ գիտնան, որ մնայունը մենք ենք: Մենք մեր բոլոր կառոյցներով: Մենք մեր բոլոր միութիւններով: Եթէ բարի նպատակներով անձնական օգնութիւններ կան, շատ բարի եւ հազար շնորհակալութիւն: Եթէ ակնկալութեամբ եւ զանազան նպատակներ հետապնդելու հեռանկարով են այդ օգնութիւնները, ապարդիւն են ճիգերը, որովհետեւ մնայունը մենք ենք:
Մեր աւանդական կառոյցներուն կողմէ նախաձեռնուած իւրաքանչիւր քայլ մեր ժողովուրդին նեցուկը կը վայելէ:
Փաստը` անցնող օրերուն մեր դիմումներուն ընդառաջումները:
Մեր աւանդական կառոյցներուն յանձնառութիւնը լաւ թէ վատ օրերու համար եղած է միշտ եւ պիտի մնայ այդպէս:
Բոլորս միասին կրնանք յաղթահարել տագնապը այս անգամ ալ:
Անհրաժեշտ է գիտակցիլ եւ զգուշանալ:
Անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ ո՛վ է մնայունը:
Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողները այսօր օգնութեան պատրուակին տակ տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպեն:
Չարաշահողներ եւ մանաւանդ օգնութենէն «օգտուողներ» կան:
Պէտք է գիտնանք, թէ որո՛ւ պէտք է օգնէք, եւ զգուշ ըլլանք, թէ օգնութիւնը ճիշդ հասցէին կը հասնի՞, թէ՞ ոչ:
Վարձքը կատա՛ր անկեղծ, լուռ եւ առանց ակնկալութեան օգնութիւն բաժնողներուն: