Այսօր կէսօրին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
Ազրպէյճանը չի կատարեր զինադադարին վերաբերեալ Մոսկուայի մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը:
Ան նշեց, որ այն, ինչին բախած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, աստիճանական վտանգի մարմնաւորում կը համարուի, որ կը հասուննար տասնեակ տարիներու ընթացքին, որուն մասին խօսած են անընդհատ: «Մենք կրցած ենք հասնիլ որոշակի արդիւնքներու՝ շնորհիւ ձեր եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներգրաւուածութեան: Յաջողեցան նախարարներու մակարդակով համաձայնեցնել հրադադարի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւն: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր անձնական եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի ներդրումը, որ կրցանք հասնիլ այսպիսի արդիւնքի»,- յայտնեց Մնացականեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անհրաժեշտ նկատեց դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ շեշտեց այս ուղղութեամբ Ռուսիոյ դերը: «Ցաւօք, այս պահուն չենք կրնար գործնական գետնի վրայ արձանագրել, որ ունինք լիարժէք զինադադար: Եւ բառացիօրէն նախքան այստեղ գալը, կը շարունակէի տեղեկութիւններ ստանալ, որ Ազրպէյճանը չի կատարեր զինադադարի իր պարտաւորութիւնները: Եւ այդ առումով ես կ՝ուզեմ ընդգծել վաւերացուած մեքենականութիւններու ներդրման կարեւորութիւնը, որուն շնորհիւ կրնանք հասնիլ զինադադարի պահպանման»,- ըսաւ Մնացականեան:
Ան ըսաւ՝ 27 Սեպտեմբերէն սկսեալ կը շարունակուի Արցախի ժողովուրդին դէմ լայնածաւալ յարձակումը: «Ի դէպ, այլեւս բաց կը ներկայացուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ուժային ճանապարհով լուծելու իրական նպատակները»,- նշեց Մնացականեան՝ ընդգծելով, թէ այլեւս գաղտնիք չեն Արցախի ֆիզիքապէս բնաջնջելու միտումները:
Մնացականեան Լաւրովին ներկայացուց քաղաքային զոհերու եւ վիրաւորներու ցուցակը եւ այլ վնասներու չափերը: Ան յայտնեց, թէ թշնամին խաղաղ բնակչութեան դէմ օգտագործած է հրետանի, հրթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր, օդանաւեր: «Կան զոհեր եւ վիրաւորներ Ազրպէյճանի կողմէ «կասեթային» ռումբերու կիրառման հետեւանքով».- աւելցուց Մնացականեան: