ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ
ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒ ՆՈՐ ԴԵՐԵՐԸ
Մշակոյթը, իր ամէնէն լայն առումով, դարեր շարունակ եղած է մեր ազգը պահող ու պահպանող կենսական ոյժը: Մշակոյթը մեր ազգային ինքնութիւնն է, մեր դիմագիծը, մեզ բնորոշող եւ ուրիշ ազգերէ զանազանող ամէնէն կարեւոր գործօնը, մեր ազգային վարկը: Դարեր շարունակ, մշակոյթը եղած է մեր «բանակ»ը, մեր «պաշտպանութեան նախարարութիւն»ը, մեր ազգային անվտանգութեան երաշխաւորը:
Սակայն, պատմութիւնը եւ ճակատագիրը հայ ժողովուրդը զրկած են պետականութեա՛ն մշակոյթէն, եւ հետեւաբար, պատեհութիւնը չենք ունեցած մշակոյթը «քաղաքացիացնելու», այսինքն՝ դաստիարակութեան ճամբով եւ մշակոյթով Հայաստանցի քաղաքացի կերտելու: Սփիւռքը, պարտադրաբար, հայեցի կրթական ծրագրերով եւ մշակոյթով, կերտած է Հայ Մարդ, ո՛չ հայ քաղաքացի: Հայաստանի մէջ, խորհրդային տարիներուն, ղեկավարութեան յանձնարարականը եղած է կերտել սովետական քաղաքացի, ո՛չ հայ քաղաքացի: Առաջին Հանրապետութեան կարճատեւ տարիներուն եւ Երրորդ Հանրապետութեան աւելի երկար, բայց անարդիւնաւետ տարիներուն, կրթական համակարգը, առաջինի պարագային՝ ժամանակ չէ ունեցած եւ երկրորդի պարագային՝ փորձը եւ միտումը չէ ունեցած ընդառաջելու «հայ քաղաքացի» դաստիարակելու հրամայականին:
Մեր հազարամեայ պատմութեան մէջ, հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով, այսօր ունինք թէ՛ պատեհութիւնը եւ թէ հրամայականը կրթական եւ մշակութային համակարգը լծելու քաղաքացի կերտելու, քաղաքական առաջնորդ պատրաստելու եւ պետութիւնը հզօրացնելու առաքելութեան:
ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Այսօր, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, մշակոյթի սերունդէ սերունդ փոխանցման եւ պաշտպանութեան խողովակները, տարբեր պատճառներով, մեծաւ մասամբ խափանուած են:
Ժողովուրդին ներկայ մշակութային միջին մակարդակը այնքան նուաստացած է, որ այլեւս չի թուիր կապ ունենալ մեր հարուստ եւ բարձրորակ ազգային մշակութային ժառանգութեան հետ: Փողոցներուն մէջ, սարսափելի է լսել երիտասարդութեան խօսակցական հայերէնը: Ընտանեկան-առտնին մշակութային մակարդակը ենթարկուած է հեռուստացոյցի վատագոյն սերիալներու մակերեսային եւ անորակ գեղարուեստական նսեմութեան: Ցանկացած առիթով կազմակերպուած խրախճանքներու ընթացքին, ժողովուրդին նախասիրութիւնը եղած է ականջ ու միտք խլացնող, անորակ, իբրեւ երաժշտութիւն ընդունուած աղմուկը, նոյնքան անշնորհք պարերու ընկերակցութեամբ:
Ի դէմ այս երեւոյթին՝ երկրին մտաւորական խաւը շատ յաճախ կը մնայ անտարբեր, եւ պետական այն մարմինները, որոնց վստահուած է մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու առաքելութիւնը, նահանջի մէջ կը թուին ըլլալ: Ընդհանուր եւ համատարած շահագրգռութեան պակաս մը կը տիրէ մշակութային մակարդակի պահպանման հարցով: Հանրային ելոյթներէն դուրս, գործնական գետինին վրայ, ժողովուրդին մշակութային մակարդակին ահաւոր անկումը ընդհանրապէս մտահոգութեան առարկայ չի թուիր ըլլալ:
ԽՕՍՔԸ ԻՆՉԻ՛ ՄԱՍԻՆ ՉԷ
Կ՛արժէ անմիջապէս յստակացնել, թէ խօսքը օտարամերժ դիրքորոշումներ որդեգրելու մասին չէ: Ո՛չ ալ՝ արեւմտականացման կամ աշխարհայնացման դէմ պայքարելու մասին: Ո՛չ ալ՝ պահպանողական դիրքերէ յամառօրէն անցեալին կառչելու եւ մոլեռանդ ազգայնականութեան մասին:
Եւ մանաւանդ, խօսքը մշակութապէս լճանալու եւ կղզիանալու մասին չէ:
ԽՕՍՔԸ ԻՆՉԻ՛ ՄԱՍԻՆ Է
Խօսքը մեր հարուստ, կենդանի եւ դեռ աճող ու զարգացող մշակութային ժառանգութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ ընդգրկելու մասին է: Խօսքը մակարդակի եւ որակի մասին է: Մշակոյթի հանդէպ տիրող կրաւորական եւ անտարբեր կեցուածքէն սթափելու մասին է: Ճոխ, հարուստ, աշխոյժ եւ ստեղծագործող մշակութային եւ մտաւորական կեանքին մասին է: Այլազանութեան, խորքի եւ հոգեկան ու իմացական բարձրորակ ստեղծագործութեան մասին է:
Եւ մանաւանդ, խօսքը մեր պատմութեան եւ մշակոյթին մէջ ամրօրէն խարսխուած ազգային եւ քաղաքացիական գիտակցութիւն ստեղծելու մասին է:
Ո՛ՒՐ ԿՐՆԱՅԻՆՔ (ԴԵՌ ԿՐՆԱՆՔ) ԸԼԼԱԼ…
Գնահատելու համար, թէ որքա՛ն ողբալի է հայ ժողովուրդին մշակութային միջին մակարդակը այսօր, պահ մը փորձենք պատկերացնել թէ ո՛ւր կրնայինք (դեռ կրնանք) ըլլալ: Պատկերացուցէք հետեւեալ դիպաշարը:
Անցեալ քսանութ տարիներուն, դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ, հեռատես, բովանդակալից եւ նպատակային կրթական ծրագիրներ կրնայինք որդեգրած եւ իրականացուցած ըլլալ, դասաւանդելով հայկական եւ միջազգային բեմերու վրայ երեւցող մշակութային բարձրագոյն (դասական ե՛ւ արդի) նուաճումները:
Կրնայինք անկախութեան յաջորդող 10-15 տարիներուն ընթացքին, ՀՀ ամբողջ ուսուցչական կազմերը անցուցած ըլլալ հիմնական, կրթական ծրագիրի նոր բովանդակութեան եւ նպատակներուն համապատասխանող, վերապատրաստական ծրագիրներէ:
Հայաստանի բնակչութեան 40-50 տարեկանէն վար ամէն մարդ այսօր կրնար տիրապետել նուազագոյն երեք լեզուներու (հայերէն-արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, ռուսերէն, անգլերէն): Առաւել՝ չորրորդ ու հինգերորդ լեզուներու տիրապետող մեծամասնութիւն մը կրնար գոյութիւն ունենալ (որեւէ եւրոպական ասիական կամ արեւելեան լեզու):
Բացի լեզուներէ, ժողովուրդին այդ խաւին կարեւոր մէկ տոկոսը կրնար նաեւ մօտէն ծանօթացած ըլլալ նուազագոյն 2-3 տարբեր մշակոյթներու եւ իրենց համապատասխան գրական վաստակի յատկութիւններուն հետ:
Հայոց պատմութիւնը, իր ամէնէն համապարփակ ծաւալով, արդէն աւելի քան տասնամեակ մը, դասաւանդուած կրնար ըլլալ՝ նպատակ ունենալով ոչ թէ միայն պատմական գիտելիքներու փոխանցումը, այլ նաեւ իբրեւ անցեալէն քաղուած դաս, նպատակ ունենալով մասնաւորապէս պատրաստել ապագայի քաղաքական ղեկավարն ու քաղաքացին:
Ժողովուրդին այս խաւը արդէն իսկ այս դաստիարակութիւնը փոխանցած կրնար ըլլալ տուն, ճոխացնելով եւ բարձրացնելով իր ընտանեկան մշակութային մակարդակը:
Հեռուստացոյցի ալիքները, որպէսզի կարենային ներգրաւել հանդիսատեսներու այս սերունդը, արդէն իսկ բարեփոխման ենթարկած կրնային ըլլալ իրենց յայտագիրները:
Այսպիսով, կրթական ծրագիրներու եւ տան մթնոլորտին միջեւ ստեղծուած կ՛ըլլար զիրար ամրապնդող, դրական եւ կառուցողական շղթայ մը:
Մշակութային այս զարթօնքը փոխանցուած կ՛ըլլար նաեւ ժողովրդական տարբեր միջոցառումներու:
Մեր հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը արդէն իսկ սկսած կ՛ըլլար մաս կազմելու միջին քաղաքացիին առօրեային:
Մշակոյթը եւ կրթութիւնը արդէն իսկ ստեղծած կ՛ըլլային գիտակից քաղաքացիներու սերունդ մը, օժտուած մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը հիմնաւորուած ձեւով գնահատելու կարողութեամբ եւ ազգային արժանապատուութեամբ:
Այս դաստիարակութիւնը թոյլ տուած կ՛ըլլար նաեւ որ հասարակութիւնը, հաւատարիմ մնալով հանդերձ իր աւանդական արժէքներուն, դիւրութեամբ ընդունի արեւմտեան հիմնական արժէքներ, կապուած մարդու իրաւունքներու, խիղճի եւ խօսքի ազատութեան, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, ազատամտութեան, հանդուրժողութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքներուն հետ:
Այսօր կրնայինք այս տեսլականին հասած ըլլալ, եթէ կրթական համակարգը՝ բովանդակութեամբ, ուսուցչական անձնակազմով, դասաւանդելու մեթոտաբանութեամբ, անկախութենէն անմիջապէս յետոյ հիմնական բարեփոխումներու ենթարկուած ըլլար: Քսանութ սուղ տարիներ կորսնցուցած ենք: Այլեւս ժամանակ չունինք կորսնցնելու:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ՝ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ…
Քանի որ տեսլական նկարագրելու ազատութիւնը եւ շռայլութիւնը ընծայած ենք մենք մեզի, պատկերացնենք նաեւ շատ աւելի արմատական ու յաւակնոտ փոփոխութիւններ պահանջող նոր իրավիճակ մը: Պատկերացնենք, որ ՀՀ կրթութեան նախարարութիւնը, անկախութենէն յետոյ, իր կրթական ծրագիրին հայկական մասը պատրաստելու ժամանակ, Սփիւռքի բոլոր գլխաւոր կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններուն մասնակցութիւնը եւ ներդրումը հրաւիրած ըլլար, եւ այսօր, աշխարհի բոլոր հայ դպրոցները, մօտէն գործակցելով ՀՀ կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան հետ, որդեգրած ըլլային հայ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի հետ առնչուող նոյն կրթական ծրագիրը՝ ինչպէս Հայաստանի մէջ: Պատկերացնենք աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, հակառակ իր խորքային տարբերութիւններուն ու աններդաշնակ եւ ցիրուցան վիճակին, ՀՀ կրթական ծրագիրին հայկական մասը համարած ըլլար այնքան հարուստ, այնքան լայն, ներառող, առարկայական, անաչառ եւ ներկայացուցչական մեր բազմակողմանի եւ հազարաշերտ պատմութեան, որ նոյնիսկ իրարու հակադրուած համայնքներ զայն ընդունէին: Անշուշտ, համայնքներու հետ կապուած իւրայատկութիւններ եւ տարբեր շեշտաւորումներ կրնային մնալ, բայցեւայնպէս, համայն Սփիւռքի կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններուն ցանցը ընդունած եւ որդեգրած կ՛ըլլար ՀՀ կրթական ծրագիրին հայկական հատուածի հիմնական մասը:
Պատկերացնենք ա՛յս. աշխարհի որեւէ հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ հայեր, ըլլան ռուսահայ, ֆրանսահայ, ամերիկահայ կամ հայաստանցի, երբ որեւէ տեղ հանդիպին, զիրար աւելի լաւ հասկնան, ունենան նմանօրինակ ազգային արժէքներու ընկալում, աւելի հասարակաց, քան տարբերող եզրեր եւ մեծաւ մասամբ յաղթահարած ըլլան զիրենք բաժնող լեզուական խոչընդոտները:
Միայն այսպիսի իրավիճակի մը հասնելէ ետք է, որ հիմք կ՛ունենանք խօսելու «ազգային» արժէքներուն մասին: Այսօր, քաղաքական, մշակութային կամ կրթական ո՛չ մէկ խմբակցութիւն իրաւունքը ունի ինքզինք հռչակելու ազգային արժէքներու խօսնակ, ներկայացուցիչ կամ դարպասապահ, որովհետեւ համայն հայութեան կողմէ ընդունուած եւ ամրագրուած արժէքահամակարգ գոյութիւն չունի: Ո՞ր հայ համայնքին արժէքներն են մեր ազգային արժէքները՝ Ռուսիոյ կիսառուսացած հայութեա՞ն, թէ՞ Պոսթոնի աւելի քան կիսաամերիկացած հայութեան, կամ Լիբանանի թունդ ազգայնական հայրենասիրական միութիւննե՞րու կամ Կլենտէյլի համեմատաբար նորակազմ հայաստանցի համայնքի՞ն, կամ խորհրդային տարիներու մտածելակերպը պահած սերունդի՞ն… Ինչպէ՞ս կրնանք անուանել ցանկացած արժէք «ազգային», երբ ամէն հայ համայնք ունի իր տարբեր եւ յաճախ այլ համայնքներու հետ բախող արժէքներու հասկացողութիւնը եւ կարծրատիպերը:
Այսուամենայնիւ, եթէ կրնանք պատկերացնել համաշխարհային հայ սերունդ մը, որ ծնած եւ մեծցած ըլլալով հանդերձ տարբեր երկիրներու եւ միջավայրերու մէջ, ստացած է նմանօրինակ ազգային դաստիարակութիւն եւ հայեցի ուսում, թերեւս այն ատեն կարելի կ՛ըլլայ խօսիլ հասարակաց ազգային արժէքներուն մասին:
Ցարդ, այս որակի համաշխարհային հայկական կրթական համադրութիւն ֆիզիքապէս անկարելի էր, որովհետեւ չկար ոչ մէկ կեդրոնական «մագնիս», որ կրնար միաւորել եւ համադրել մեզ: Այսօր, կայ Հայ Պետութիւն, որ կրնայ այդ ձգողական ոյժը ըլլալ: Այո՛, այո՛, պիտի ընդունինք, որ այսօրուան իրողութիւնը մեկնակէտ ընդունելով, այսպիսի տեսլական իրականացնելը կը պահանջէ ազգային միասնականութեան եւ կամքի աննախադէպ ցուցաբերում:
Բայց, պահ մը թոյլ տանք մենք մեզի երեւակայելու: Յանդգնինք պատկերացնել, որ ՀՀ պետականութեան ղեկավարները իսկապէս ունին հեռատեսութիւնը եւ խոհեմութիւնը հասկնալու, որ իրենց առաջին եւ գերագոյն առաքելութիւնը երկիրը եւ հայ ժողովուրդը միաւորել է: Այդտե՛ղ է, որ պէտք է փնտռել որեւէ քաղաքական առաջնորդի իսկական վարկանիշը: Ցանկացած քաղաքական ոյժ կրնայ պառակտումներ ստեղծել հասարակութեան մէջ: Բայց իսկական առաջնորդին կոչը եւ մնայուն քաղաքական ժառանգութիւնը կը մնայ իր կարողութիւնը՝ միաւորելու, ներգրաւելու, հաշտեցնելու, կազդուրելու, բուժելու եւ ո՛չ թէ զրպարտելու, բաժնելու, յարձակելու, հայհոյելու… Եւ հոս խօսքը միայն իշխանութեան չէ ուղղուած, այլ նաեւ բոլոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն: Իբրեւ քաղաքական գործիչներ, բոլորը ունին միաւորելու նոյն պարտաւորութիւնը եւ առաքելութիւնը:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր միջին քաղաքացիին մշակութային մակարդակը բարձրացնելու կարիքը ունինք, նոյնպէս ունինք կարիքը մեր քաղաքական քննարկումները եւ վէճերը բոլորովին նոր մակարդակի վրայ բանաձեւելու եւ հրաժարելու այսօր օգտագործուող պառակտիչ եւ վիրաւորական բառապաշարէն:
Թէ՛ ՀՀ Վարչապետը եւ թէ նախագահը մէկէ աւելի անգամներ յայտարարած են, որ Հայաստանը բոլոր հայերուն հայրենիքն է: Եթէ այդպէս է, ուրեմն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութիւնը բոլոր հայերուն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութիւնն է: Անշուշտ նախարարութիւնը այսօր շատ հեռու է այդ ըլլալէ, բայց ճի՛շդ այդ գերագոյն կարգավիճակին է, որ պէտք է ձգտի հասնիլ:
Այսպիսո՛վ է, որ Հայաստանը, որպէս պետութիւն, պիտի կարողանայ իր ներկայութիւնը եւ հովանաւորութիւնը լիարժէք ցոլացնել աշխարհի բոլոր հայ համայնքներուն մէջ:
Այսպիսո՛վ է, որ Հայաստանը պիտի կարենայ տէր ըլլալ աշխարհասփիւռ հայ բեկորներուն:
Այսպիսո՛վ է, որ սփիւռքահայութեան ստեղծագործ միտքը պիտի յաջողի խորքային եւ իմաստալից կերպով հասնիլ հայրենիք եւ լծուիլ Հայաստանի զարգացման մարտահրաւէրները յաղթահարելու աշխատանքին:
Եւ ի վերջոյ՝ այսպիսո՛վ է, որ պիտի կազմենք ՄԷԿ ԱԶԳ՝ խարսխուած մէ՛կ մշակոյթի վրայ, բայց, միաժամանակ, զգօն, աշխոյժ, մրցունակ եւ մասնակից աշխարհի չորս ծագերուն մէջ: Իբրեւ ազգ, բարգաւաճելու, մրցելու եւ գերազանցելու ուրիշ ճանապարհ չունինք… ալ մոռնա՛նք գոյատեւելը: