ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի կոչ ըրաւ եւրոպական ձեռնարկութիւններուն՝ աշխուժացնել Իրանի հետ առեւտուրը եւ այդ երկրին մէջ իրենց տնտեսական գործունէութիւնը: Այս մասին Մոկերինի յայտնեց Ուելինկթընի մէջ Նոր Զելանտայի արտաքին գործոց նախարար Ուինսթըն Փիթերսընի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Մոկերինի ըսաւ, որ եւրոյանձ-նաժողովը կը դիմէ կարելի ամէն միջոցի, որպէսզի Իրան դուրս չգայ միջուկային համաձայնագիրէն, որպէսզի Իրան շարունակէ տնտեսական օգուտ ստանալ այդ գործարքէն, որ օգուտ կու տայ այդ երկրի ժողովուրդին, որովհետեւ վստահ են, որ անիկա կը համապատասխանէ ոչ միայն տարածաշրջանի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի անվտանգութեան շահերուն:
«Մենք կոչ կ՛ընենք փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու՝ն աշխուժացնել իրենց գործունէութիւնը Իրանի հետ. ատիկա մեզի համար առաջնահերթութիւն է անվտանգութեան տեսանկինէն», նշեց Մոկերինի՝ ընդգծելով, որ տնտեսական շփումները միջուկային գործարքի բաղկացուցիչ մասը կը կազմեն: