Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի ոգեկոչումը յայտնապէս կը տարբերէր նախորդ տարիներու աւանդական հանդիսութիւներէն:
Աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ «Քորոնա» ժահրին մահասփիւռ արհաւիրքէն զգուշանալով, հրապարակային հաւաքները ժամանակաւորապէս արգիլուեցան ամէնուրեք: Ակամայ այս որոշումին հետեւանքով Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնները սահմանափակուեցան յարգանքի խորհրդանշական արարողութիւններով:
Այս լոյսին տակ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի ընտանիքը, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան մոմավառութեան արարողութիւններ կազմակերպեց ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ահրամճեան եւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Զահլէի Ալեք Մանուկեան կեդրոններուն մէջ:
Մոմավառութեան արարողութեան ընթացքին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի անդամներ Կարօ Խաչերեանը,Վազգէն Յովհաննէսեանը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Եղիկ Աւետիքեանը եւ անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի անդամ Նշան Ղորղորեանը եւ անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Կարէն Պասմաճեանը եւ անդամներ, ՀԲԸՄ-ի գրասենեակին պատասխանատու Արին Ղազարեանը, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պարբերաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանը, ՀԵԸ Անդրանիկ Զահլէի տեղական վարչութեան ատենապետ ԺորԺ Տէյիրմենճեանը եւ անդամներ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ ի Զահլէի վարչութիւնը ատենապետ Շանթ Չինչինեան եւ անդամներ, յարգելի պատճառներով բացակայող իրենց քոյրերուն, եղբայրներուն եւ համայն միութենականներուն անունով վերահաստատեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն պատգամին հաւատարիմ մնալու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ուխտը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ