Վենսան Գասէլէն բաժնուելէ ետք, Մոնիքա Պելուչի ամբողջութեամբ սուզուած է աշխատանքի մէջ: Լրագրողները իտալացի դերասանուհիին կը նկատեն երիտասարդ սենարիստ եւ բեմադրիչ Ալիսա Ռորվաքերի հետ՝ «Լը Մերավիլի» ժապաւէնին նկարահանումներուն ընթացքին: Ժապաւէնին նիւթը գաղտնի կը մնայ լրագրողներուն, սակայն մէկ բան յստակ է, որ 48-ամեայ դերասանուհին կը մարմնաւորէ թագուհիի մը դերը: «Լը Մերավիլի»ի մեծ պաստառ բարձրանալէ առաջ, գեղանի դերասաանուհիին սիրահարները զինք պիտի դիտեն, Էմիր Գուստուրիցայի « Ուոր էնտ Լաւ» ժապաւէնին մէջ՝ Պոսնիոյ պատերազմին ընթացքին պատահած սիրոյ պատմութիւն մը :