Լիբանանի համար ստեղծուած Միջազգային Ատեանի բաժնի վարիչ Տարիլ Մոնտէս աւարտեց Լիբանան կատարած այցելութիւնը: Մոնտէս՝ Լիբանանի մէջ յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ ՆեժիպՄիքաթիի, նորանշանակ վարչապետ Թամամ Սալամի եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ: Մոնտէս՝ Լիբանան կատարած այցելութեան վերաբերեալ տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ Միջազգային Ատեանին: