Դ. Խմբակէն Ֆրանսա Եւ Աւստրալիա Անցան Փլէյ Օֆի Փուլ
Աւստրալիա – Դանիա 1-0
Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, 41.232 մարզասէրներու ներկայութեան: Առաջին կիսախաղը 0-0 հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, մրցումի
60-րդ վայրկեանին Մեթիու Լեքի յառաջ մղեց Աւստրալիան: Հաշիւը մնաց անփոփոխ, եւ Աւստրալիա հասաւ փլէյ օֆի փուլ:
Ֆրանսա – Թունուզ 0-1
Մրցումը տեղի ունեցաւ «էճուքէյշըն» մարզադաշտին մէջ, 43.627 մարզասէրներու ներկայութեան: Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ: 58-րդ վայրկեանին Ուահպի Ղազրի գրաւեց Ֆրանսայի բերդը: Մրցումին յաւելեալ վայրկեաններուն` 99-րդ վայրկեանին, Անթուան Կրիզման հաւասարեցուց հաշիւը: Սակայն ՎԱՐ-ը խախտում մը նկատելով մերժեց Կրիզմանի կոլը: Ճակատումը աւարտեցաւ Թունուզի յաղթանակով, սակայն անոր յաղթանակը բաւարար չէր անցնելու փլէյ օֆերու փուլ:
Ստորեւ Դ. խմբակի վերջնական դասաւորումը.
1.- Ֆրանսա 3 մրցում 6 կէտ
2.- Աւստրալիա 3 մրցում 6 կէտ
3.- Թունուզ 3 մրցում 4 կէտ
4.- Դանիա 3 մրցում 1 կէտ
Միացեալ Նահանգներ Յաղթեցին Իրանին Եւ Հասաւ Փլէյ Օֆի Փուլ
Աշխարհի ախոյեանութեան Բ. խմբակի երրորդ փուլի մրցումներուն, Միացեալ Նահանգներ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Իրանը եւ անցան փլէյ օֆի փուլը:
Մրցումը սկսաւ իրանցիներու յարձակումներով: Ամերիկացիները աստիճանաբար սկսան հակազդել եւ ստանձնել առաւելութիւնը: 38-րդ վայրկեանին Քրիսթիան Փուլիսիչ նիւթական առաւելութեան վերածեց Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին խաղային առաւելութիւնը: Ճակատումը աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու` 1-0 յաղթանակով:
Մրցումը տեղի ունեցաւ «Թումամա» մարզադաշտին մէջ, 42.127 մարզասէրներու ներկայութեան:
Անգլիա Պարտութեան Մատնեց Կալեսը
Բ. խմբակի երրորդ փուլի մրցումներուն Անգլիա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կալեսը (կիսախաղ` 0-0): Երկրորդ կիսախաղին Անգլիոյ հաւաքականը երեք անպատասխան գնդակ զետեղեց Կալեսի բերդին մէջ, Մարքոս Ռեշֆորտ (2) եւ Ֆիլ Ֆոտեն դարձան Անգլիոյ կոլերուն հեղինակները:
Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ, 44.297 մարզասէրներու ներկայութեան:
Անգլիոյ հաւաքականը եօթը կէտով գրաւեց Բ. խմբակին առաջին դիրքը, Միացեալ Նահանգներ` 5 կէտ, Իրան` 3, Կալես` 1:
Այսօրուան Մրցումներուն Յայտագիրը
Ե. ԽՄԲԱԿ |
|
Քոսթա Ռիքա ընդդէմ Գերմանիա` |
ժամը 21:00 |
Ճափոն ընդդէմ Սպանիա` |
ժամը 21:00 |
Զ. ԽՄԲԱԿ |
|
Քանատա ընդդէմ Մարոք` |
ժամը 17:00 |
Խրուաթիա ընդդէմ Պելճիքա` |
ժամը 17:00 |