Իրան 2-0 Արդիւնքով
Պարտութեան Մատնեց Կալեսը
Երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերին, Մոնտիալ 2022-ի Բ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն, Կալեսի հաւաքականը «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ 0-2 արդիւնքով խոնարհեցաւ Իրանի առջեւ:
Առաջին կիսախաղը հաւասարութեամբ աւարտեցաւ: Մրցումի աւարտին չորս վայրկեան մնացած, Կալեսի բերդապահ Հենեսին աններելի սխալ մը թոյլ տալով, կարմիր տոմս ստացաւ եւ հեռացաւ դաշտէն: Իրան քանակական առաւելութիւնը կոլի վերածեց եւ յաւելեալ վայրկեաններուն երկու կոլ նշանակեց Կալեսի բերդին մէջ: Չեշըմի 98-րդ եւ Ռեզայեան 101-րդ վայրկեաններուն երեք կարեւոր կէտ նուիրեցին Իրանին:
Սոյն խմբակի երրորդ եւ վերջին փուլի մրցումները պիտի կայանան երեքշաբթի. 29 նոյեմբերին, Կալես պիտի ճակատի Անգլիոյ դէմ, Իրան` Միացեալ Նահանգներու:
Քաթար 3-1 Արդիւնքով
Խոնարհեցաւ Սենեկալի Առջեւ
Մոնտիալ 2022-ը հիւրընկալող Քաթարը յաջորդական երկրորդ պարտութիւնը կրելով ինքնաբերաբար դուրս մնաց մրցաշարքի հետագայ պայքարէն: Արդարեւ, «Թումամա» մարզադաշտին մէջ Մոնտիալի տանտէրը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սենեկալէն (կիսախաղ` 0-1):
Պրազիլի Հաւաքականը
«Կախարդական Երեկոյ» Մը Պարգեւեց Մարզասէրներուն
Մոնտիալ 2022-ի բաժակին գլխաւոր յաւակնորդներէն Պրազիլի հաւաքականը Սերպիոյ դէմ կատարեց իր առաջին մրցումը, «Լուսայլ» մարզադաշտին մէջ, 88.103 մարզասէրներու ներկայութեան:
Սերպերը բաւական համարձակ սկսան ճակատումը: Սակայն պրազիլցիները աստիճանաբար վերցուցին նախաձեռնութիւնը: Առաջին կիսախաղը առանց կոլերու աւարտելէ ետք, Բ. կիսախաղին պրազիլցիները աւելցուցին ճնշումը: 62-րդ վայրկեանին Ռիչարլիսըն գեղեցիկ կոլով մը յառաջ մղեց Պրազիլը: 73-րդ վայրկեանին ան կրկնապատկեց հաշիւը:
Պրազիլ շարունակեց յարձակումները: Մրցումը աւարտեցաւ Պրազիլի վստահ յաղթանակով` 2- 0:
Ներկայիս Պրազիլի եւ Զուիցերիոյ հաւաքականները 3-ական կէտով կը գլխաւորեն Է. խմբակին աղիւսակը:
Փորթուգալ Փայլուն Խաղով Պարտութեան Մատնեց Ղանան.
Ռոնալտօ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Ը. խմբակի առաջին փուլի մրցումները իրար դէմ հանեցին Փորթուգալի եւ Ղանայի հաւաքականները: Մրցումը տեղի ունեցաւ «974» մարզադաշտին մէջ` 42.662 մարզասէրներու ներկայութեան:
Հանդիպման առաջին խաղակէսը հաւասար պայքարով ընթացաւ: Մրցումի 65-րդ վայրկեանին Փորթուգալի հաւաքականը ստացաւ փենալթի հարուածի իրաւունք: 11 մեթրնոցը իրականացուց Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: Փորթուգալցիներուն ուրախութիւնը կարճ տեւեց: Արդարեւ, 73-րդ վայրկեանին Անտրէ Այու հաւասարեցուց հաշիւը: 78-րդ վայրկեանին Ժաօ Ֆելիքս դարձեալ յառաջ մղեց Փորթուգալը: 80-րդ վայրկեանին, Ռաֆայէլ Լէաօ 3-1-ի վերածեց հաշիւը: 88-րդ վայրկեանին Օսաման Փուքարի կրճատեց փորթուգալցիներուն առաւելութիւնը: Մրցումը աւարտեցաւ` 3-2 Փորթուգալի յաղթանակով:
Մրցումին ընթացքին նշանակած կոլով, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձաւ յաջորդական հինգ Մոնտիալներու կոլ նշանակող միակ ֆութպոլիստը: Այսպիսով, ան գերազանցեց Փելէի, Ուվէ Զելըրի, Միրոսլաւ Քլոզէի յաջորդական չորս Մոնտիալներու կոլ նշանակելու մրցանիշը:
Փորթուգալի հաւաքականը երեք կէտով կը գլխաւորէ Ը. խմբակը:
Ուրուկուէյ – Հարաւային Քորէա 0 – 0
Դարձեալ Ը. խմբակին մէջ, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի «էճուքէյշըն Սիթի» մարզադաշտին մէջ, 41.663 մարզասէրներու ներկայութեան, Ուրուկուէյ – Հարաւային Քորէա հանդիպումը աւարտեցաւ 0 -0 հաւասարութեամբ: Ուրուկուէյ չնչին առաւելութիւն մը ունէր իր մրցակիցին նկատմամբ:
Խմբակին երկրորդ փուլի հանդիպումները տեղի պիտի ունենան 28 նոյեմբերին. Հարաւային Քորէա ընդդէմ Ղանա, Փորթուգալ ընդդէմ Ուրուկուէյ:
Մոնտիալ 2022-ի Շաբաթավերջի
Մրցումներուն Յայտագիրը
ՇԱԲԱԹ, 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 |
|
Ա. ԽՄԲԱԿ |
|
Լեհաստան ընդդէմ Սէուտական Արաբիա` |
Ժամը 15:00 |
Արժանթին ընդդէմ Մեքսիքօ` |
ժամը 21:00 |
Դ. ԽՄԲԱԿ |
|
Թունուզ ընդդէմ Աւստրալիա` |
ժամը 12:00 |
Ֆրանսա ընդդէմ Դանիա` |
ժամը 18:00 |
ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 |
|
Ե. ԽՄԲԱԿ |
|
Ճափոն ընդդէմ Քոսթա Ռիքա` |
ժամը 12:00 |
Սպանիա ընդդէմ Գերմանիա` |
ժամը 21:00 |
Զ. ԽՄԲԱԿ |
|
Պելճիքա ընդդէմ Մարոք` |
ժամը 15:00 |
Խրուաթիա ընդդէմ Քանատա` |
ժամը 18:00 |