ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ Մոսկուայի պարտաւորութիւնները կը մնան ուժի մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` պատասխանելով Տաճիկիստան-ԱՖղանիստան սահմանին վրայ կացութեան վատթարացման պարագային Ռուսիոյ հաւանական արձագանգի մասին հարցումին:
«ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները կը մնան ուժի մէջ», ըսած է Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ան աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան ներկայացուցիչները արդէն այցելած են սահմանային տարածք:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ Մոսկուան ամէն բան պիտի ընէ, ներառեալ օգտագործելով Տաճիկիստանի եւ ԱՖղանիստանի սահմանին վրայ գտնուող ռուսական ռազմակայանին ներուժը` ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցներուն դէմ որեւէ յարձակողական գործողութիւն արգիլելու համար:
«Մենք ամէն բան պիտի ընենք, ներառեալ օգտագործելով Տաճիկիստանի եւ ԱՖղանիստանի սահմանին գտնուող ռուսական ռազմակայանի կարելիութիւնները, որպէսզի չարտօնենք մեր դաշնակիցներուն նկատմամբ որեւէ յարձակողական ոտնձգութիւն», ըսած է Լաւրով` Լաոսի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտի պետ գնդապետ-զօրավար Անաթոլի Սիտորով աշխատանքային խումբի մը հետ միասին հասած է Տաճիկիստանի Հանրապետութիւն` գնահատելու ԱՖղանիստանի հետ սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը:
Սիտորով ընդգծած է. «Աշխատանքային խումբի հիմնական աշխատանքը տաճկական-աֆղանական սահմանին վերահսկողութիւնն է եւ ՀԱՊԿ-ի ձեւաչափով միացեալ քայլերու մասին առաջարկներու մշակումը»:
Յիշեցնենք, որ ԱՖղանիստանի հետ Տաճիկիստանի սահմանին կացութիւնը լարուած դարձած է, երբ աֆղան զինուորները թալեպաններու յառաջխաղացումին պատճառով լքած են իրենց դիրքերը: