Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց. «Մոսկուա հակադարձութեան քայլեր պիտի որդեգրէ, եթէ Արեւմուտքը անտեսէ Ուաշինկթընի հետ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական պահանջները»:
«Ուաշինկթըն Քիեւը Ռուսիոյ դէմ ուղղակի սադրանքներու կը մղէ», ըսաւ ան` նշելով. «Ուաշինկթըն ու Եւրոպայի մէջ անոր դաշնակիցները Ռուսիան զսպելու ջանքերը կը կրկնապատկեն»:
«Մոսկուան անվտանգութեան երաշխիքներու առաջարկներուն շուրջ քննարկումներուն անվերջ ձգձգումը պիտի չարտօնէ», շեշտեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Ռուսիոյ անվտանգութիւնը անկասկած ամէն պարագայի պիտի երաշխաւորուի»:
Լաւրով նաեւ ըսաւ. «Ուաշինկթըն կը փորձէ Ռուսիան ու Չինաստանը պատժել, եւ անոր մասնայատուկ ծառայութիւնները մեր երկիրներուն դէմ սադրանքներ կը կատարեն»:
«Սի.Էն.Էն.» երէկ հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը «այսօր» (երէկ, «Ա.») Ռուսիոյ պիտի յանձնէ անվտանգութեան երաշխիքներու առաջարկներուն վերաբերեալ գրաւոր պատասխան մը: