Ռուսիան սերտ հաղորդակցութիւններու մէջ է Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը կայունացնելու համար: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք սերտ հաղորդակցութիւններու մէջ ենք թէ՛ Անգարայի, թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Երեւանի հետ ու կը կարծենք, որ որեւէ քայլ պէտք է նպաստէ Անդրկովկասի մէջ կացութեան կայունացման, ենթակառոյցներու զարգացման, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան, կացութեան ընդհանուր բարելաւման, ու պէտք չէ պարունակէ տարրեր, որոնք կրնան լարուածութեան աճի պատճառ դառնալ», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:
Միւս կողմէ` «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Փեսքով յայտարարած է` Մոսկուան կը փափաքի, որ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ կատարուին:
«Հարցումը առնուազն տարօրինակ է: Անկասկած, մենք յաջող ընտրութիւններ կը ցանկանք մեր սերտ դաշնակիցին եւ գործընկերոջ», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Քրեմլինը ի՞նչ ակնկալիքներ ունի այդ ընտրութիւններէն եւ որո՞ւ կը զօրակցի: