ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա»․- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը շնորհաւորեց «Հայաստանի մէջ խորհրդարանական յաջող արտահերթ ընտրութիւնները»:
Ըստ Pars Today-ի՝ Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Հայաստանի մէջ նոր խորհրդարանի եւ կառավարութեան ձեւաւորումով երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները աւելիով կը սերտանան, յոյժ կարեւոր համարելով Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ դրացիներուն դերը եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յաջողութիւն մաղթեց ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկողներուն, որպէսզի անոնք իրականացնեն Հայաստանի զարգացման եւ յառաջադիմութեան, ինչպէս նաեւ ներքին կայունութիւն ու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ամրապնդելու նպատակները: