ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Մարտ 15ին անդրադարձած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի Միացեալ Նահանգներ այցին եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Սահակեան կրնա՞յ նաեւ Մոսկուա այցելել՝ ըսած է. «Ես նման այցի մասին տեղեկութիւն չունիմ, սակայն կրնամ ստուգել: Կրնամ ըսել, որ մենք յանձնառու ենք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ մեր բոլոր յանձնառութիւններուն՝ առկայ համաձայնութեան ծիրէն ներս»։ Զախարովա նաեւ ըսած է, թէ չի կրնար մեկնաբանել Սահակեանի Ուաշինկթըն այցը։
Պատասխանելով այլ հարցումի մը, որ կ՛առչնուէր Արցախի տագնապին կարգաւորման շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա քննարկումներուն, ան ըսած է. «Ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման գծով քննարկումներ կ՛ունենանք մեր գործընկերներուն, ներառեալ՝ Թուրքիոյ հետ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ իր հանդիպումէն ետք, Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ ռուս-թրքական օրակարգին վրայ աւանդաբար միշտ եղած են Հարաւային Կովկասի հարցերը:
Նաեւ, Պաքու այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան, որ «ճնշում գործադրէ Հայաստանի վրայ՝ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար», միաժամանակ պնդելով, որ «Ատրպէյճանի իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին»։