ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական Մոսկուան ողջունեց «Երեւանի եւ Պաքուի պատրաստակամութիւնը»ը՝ սկսելու խաղաղ պայմանագիրի նախապատրաստութեան՝ դիտել տալով, որ պատրաստ է օժանդակելու բանակցային գործընթացին: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա:
Նոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ առայժմ կանուխ է խօսիլ խաղաղ պայմանագիրի ստորագրութեան ժամկէտներուն մասին:
Ասոր զուգահեռ, Մինսքի խումբի համանախագահ Միացեալ Նահանգները կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ աշխուժացնելու դիւանագիտական ջանքերը՝ հասնելու բոլոր հարցերու համապարփակ լուծման:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» կայանի այն հարցումին, թէ ի՛նչ դիրքորոշում ունի Միացեալ Նահանգները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւնները ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման յանձնարարութիւն ունեցող ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ քննարկելու առաջարկին՝ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն յայտնեցին, որ այս հարցով պատրաստ է աջակցիլ Երեւանին եւ Պաքուին: