ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուան հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ զինադադարի ամրապնդման եւ բանակցային գործընթացի աշխուժացման տարբեր նախաձեռնութիւններու վերաբերող քննարկումներ պիտի կատարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ:
23 Յուլիսին այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Հարցը կը քննարկենք երկու կողմերուն հետ: Յոյս ունինք, որ միջազգային ուղեւորութիւններու սահմանափակումներու վերացումէն ետք կարելիութիւն կը ստեղծուի մշակելու տագնապի լուծման հարցերու ամբողջ շրջանակը», նշեց ան:
Ըստ Զախարովայի՝ ռուսական կողմը կողմերուն «առաւելագոյն զսպուածութեան» կոչ ուղղեց։ Ան նշեց, որ երեք պետութիւնները կը գործակցին դիւանագիտական ուղիներով եւ ռազմական գերատեսչութիւններու միջոցով՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար:
Ան դիտել տուաւ, որ զինադադարի դրութեան խախտումները սկսած են նուազիլ, սակայն լարուածութիւնը կը յամենայ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ:
Զախարովա յայտնեց նաեւ, որ Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային արտակարգ զրոյցներ ունեցած է իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ, նաեւ քննարկած է իրավիճակը Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի դեսպաններուն հետ: Փոխգործակցութիւն կ՛իրականացուի ռազմական գերատեսչութիւններուն միջոցով։