Մոսկուան դէմ չէ, որ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին նոր դերակատարներ միանան, եթէ անոնք գործեն եռակողմ յայտարարութիւններու ծիրին մէջ` առանց թաքուն դաւերու: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարութիւն կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի փոխտնօրէն Իւան Նեչայեւ:
«Գլխաւորը այն է, որ կրկնութիւններ եւ թաքուն խաղեր չըլլան ոեւէ մէկը թուլացնելու, անիւներու միջեւ փայտ մտցնելու նպատակով: Դժբախտաբար, մենք յիշեալ գործիչներու կողմէ նմանատիպ գործելաոճի բազմիցս բախած ենք», ըսած է ան:
Նեչայեւի համաձայն, Ռուսիան հանդէս կու գայ Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման գօտի դարձնելու օգտին, Մոսկուան շրջանային հարցերուն մէջ բացառապէս կառուցողական օրակարգ յառաջ կը մղէ եւ չի պատրաստուիր ոեւէ մէկուն հետ մրցակցելու:
Ինչ կը վերաբերի Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման, ան յիշեցուցած է, որ համապատասխան ջանքերը պէտք է ձեռնարկուին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ` 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն հիման վրայ: