ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Յուլիս 12ին անդրադարձած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին հնարաւորութիւնները ընդարձակելու եւ յաւելեալ դէտեր ապահովելու հարցին։
Ան յիշեցուցած է, որ 2016ին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները քննարկած են հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման ու կարգաւորման խաղաղ գործընթացին նպաստող մթնոլորտ մը ստեղծելու ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:
«Այդ նպատակով, անոնք համաձայնած են հակամարտութեան գօտիին մէջ աւելցնել միջազգային դիտորդներու թիւը: Այս նիւթը քննարկուած է կողմերուն յաջորդ շփումներուն ընթացքին եւ Քրաքովի մէջ եւս, այս տարուան սկիզբը կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ, եւ կողմերը հասած էին սկզբունքային պատկերացման՝ լրացուցիչ դիտորդներու թիւի, անոնց տեղակայման ու անոնց վերաբերեալ այլ հարցերու գծով: Սակայն, վերջնական որոշում տակաւին չէ կայացած», ըսած է Զախարովա:
Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան հաստատումով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարներուն առաջին խորհրդակցութենէն ետք տեղի կ՛ունենան նաեւ այլ հանդիպումներ, որոնց ժամանակ կողմերը աւելի մանրամասնօրէն կը քննարկեն Արցախի տագնապի կարգաւորման հարցերը, ներառեալ՝ դիտորդներու հարցը: