ՕԹԱՆ Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Ռուսիոյ Հետ Վստահութեան Կառուցման Քայլեր Որդեգրելու Եթէ…
ՕԹԱՆ պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռուսիոյ հետ վստահութեան կառուցման քայլերու ուղղութեամբ աշխատանք տանելու, եթէ Մոսկուան լարուածութիւններու մեղմացման վերաբերեալ շօշափելի քայլեր որդեգրէ:
«Եթէ Ռուսիան լարուածութիւններու մեղմացման համար շօշափելի քայլեր որդեգրէ, մենք պատրաստ ենք վստահութեան կառուցման քայլերու ամրապնդման ուղղութեամբ աշխատելու», նշեց դաշինքը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
ՕԹԱՆ յայտնեց, որ ծանօթ է վերջերս եւրոպական անվտանգութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ ներկայացուցած առաջարկներուն` նշելով. «Երկխօսութիւնը պէտք է փոխադարձութեան հիմամբ ըլլայ, եւ Մոսկուան պէտք է նկատի առնէ դաշինքի մտավախութիւնները»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Մոսկուան որոշակի ժամանակամիջոցի մը մէջ անվտանգութեան երաշխիքներու պատրաստման վրայ կը պնդէ եւ համապարփակ առաջարկ մը պիտի ներկայացնէ` առ ի պատրաստութիւն Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան նոր փուլի:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, եթէ ՕԹԱՆ-ն ու Միացեալ Նահանգները չընդառաջեն անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ Ռուսիոյ պահանջին, ատիկա կրնայ դիմակայումի նոր փուլի յանգեցնել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու նախաձեռնութիւններուն յատկացուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Այն կողմի մեր գործընկերներուն անհրաժեշտ է հրաժարիլ անցեալէն, ամէն ինչին նայիլ նոր կերպով եւ մեր յարաբերութիւններուն սկսիլ (եթէ կ՛ուզեն) նոր էջէն` իբրեւ ապագայ համաձայնութեան ոչ թէ յենակէտ, այլ հարթակ եւ ենթահող ընդունելով այն, ինչ որ մենք թուղթի վրայ գրած ենք, ներկայացուցած եւ այսօր հրապարակուած է»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը հրապարակեց Ռուսիոյ, ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին համաձայնագիրներու նախագիծերը, որոնցմէ առաջին փաստաթուղթին կէտերէն մէկը հետեւեալն է. «Հրաժարիլ Ուքրանիոյ, Արեւելեան Եւրոպայի, Անդրկովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի որեւէ զինուորական գործողութենէ»:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք հետագայ որեւէ յառաջխաղացումը եւ սահմանակից պետութիւններուն մէջ, նախ եւ առաջ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ սպառնացող սպառազինութեան տեղակայումը բացառող միջազգային եւ իրաւական յստակ համաձայնութիւններու մշակման նպատակով բանակցութիւնները անյապաղ սկսելու անհրաժեշտութիւնը:
Մոսկուան այն կարծիքին է, որ անհրաժեշտ է պաշտօնապէս հրաժարիլ 2008 թուականին ՕԹԱՆ-ի Պուքրէշի վեհաժողովի այն որոշումէն, որուն համաձայն, Ուքրանիան եւ Վրաստանը պիտի դառնան ՕԹԱՆ-ի անդամ: Որոշումը կը հակասէ ԵԱՀԿ-ի բոլոր անդամ պետութիւններու ղեկավարներու այն պարտաւորութիւններուն, ըստ որոնց, սեփական անվտանգութիւնը պէտք չէ ամրապնդել ուրիշներու անվտանգութեան հաշուոյն:
Անցեալ չորեքշաբթի, Ռիապքիովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Քարեն Տանֆրիտի հանդիպումի ժամանակ ռուսական կողմը Միացեալ Նահանգներուն պաշտօնապէս յանձնեց երկու փաստաթուղթ` պայմանագիր եւ համաձայնագիր, որոնք կը ներառեն անվտանգութեան երաշխիքներու մասին Ռուսիոյ գաղափարները: Քրեմլին յայտարարած է, որ Ռուսիան պատրաստ է այդ փաստաթուղթերու նախագիծերուն վերաբերեալ անյապաղ բանակցութիւններու սկսելու:
Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի երէկ յայտնեց.«Եւրոպայի անվտանգութեան շուրջ բանակցութիւններ պիտի չըլլան առանց մեր եւրոպացի դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն»:
«Միացեալ Նահանգներ տասնամեակներէ ի վեր Ռուսիոյ հետ յաջողութեամբ կը բանակցին անվտանգութեան թղթածրարներու շուրջ: Ատիկա շարունակելու որեւէ արգելք չկայ, սակայն ատիկա պիտի ընենք մեր եւրոպացի դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն հետ գործընկերութեամբ եւ համակարգումով», ըսաւ ան: