ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 3 Դեկտեմբերին արձագանգեց Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակին շուրջ երկու շաբաթ առաջ հրապարակած «Լաւրովի ծրագրին» մասին արտայայտութիւններուն՝ յայտարարելով, որ դժուար է մեկնաբանել այն, ինչը գոյութիւն ունի ոչ թէ իրականութեան, այլ երեւակայութեան մէջ:
12 Նոյեմբերին, Հայաստանի մէջ ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներու լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Ազգային ժողովի խօսնակ Ալեն Սիմոնեան «Ղարաբաղի յանձնում»ը կապած էր Ռուսիոյ հետ:
Սիմոնեան ըսած էր հետեւեալը. «Դուք կարծում էք, որ յանձնել ենք Ղարաբաղը: Հայաստանի հասարակութիւնն էլ նոյն մօտեցումն ու կարծիքն ունի, թէ Ռուսաստանն է յանձնել Ղարաբաղը: Եթէ ինչ-որ մէկը ուզում էր յանձնել Ղարաբաղը, դա անելու մի քանի տարբերակ կար, ներառեալ «Լաւորվի ծրագիր»ը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ՌԻԱ Նովոսթի»ի միջոցով յայտարարեց, թէ ր «Լաւրովի ծրագիր»ը չէր խօսեր «յանձնումի» մասին, այլ կ՛առաջարկէր Արցախի հակամարտութիւնը հանգրուանային ձեւով լուծել»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակը չպատասխանեց այս մասին կատարուած «Ազատութեան» հարցումներուն եւ հրաժարեցաւ մեկնաբանութիւն տալէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան վերաբերալ: