ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- «Մուշեղ Իշխանի 100ամեակը պէտք է Հայաստանում նրա ստեղծագործութիւնները նորից տպագրելու առիթ դառնայ, որպէսզի նոր սերունդը աւելի լաւ ճանաչի բանաստեղծին»: Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան այս հաստատումը կատարած է 24 Սեպտեմբերին Մուշեղ Իշխանի 100ամեակին նուիրուած ցերեկոյթին ընթացքին: Ան դիտել տուած է, որ Մուշեղ Իշխան իր աշխատանքին ընդմէջէն միշտ միտած է պահպանել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու պատմութիւնը՝ հաւատալով, որ այդպէս կարելի է երաշխաւորել հայութեան գոյատեւումը։
Այս առիթով սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ուղերձը փոխանցած է փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանը, որ նկատել տուած է, որ բանաստեղծին «Տուներու Երգը», «Հայաստան», «Կեանք Ու Երազ», «Տառապանք» եւ այլ ժողովածուներ ու բանաստեղծութիւններ տոգորուած են նուրբ քնարականութեամբ, խոհականութեամբ:
Մուշեղ Իշխան ծնած է 1914 թուականին: Ցեղասպանութեան օրերուն ընտանիքով աքսորուած է Տէր Զօր: 1928ին աւարտած է Դամասկոսի Հայոց ազգային վարժարանը, 1941-1951ին խմբագրած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը, հայ գրականութիւն դասաւանդած է Պէյրութի Հայ ճեմարանին մէջ, ուր երկար տարիներ ստանձնած է նաեւ տնօրէնի տեղակալի պարտականութիւնները: Ճեմարանի մէջ Մուշեղ Իշխան աշխատած է մինչեւ իր կեանքի վերջին տարին՝ 1990 թուական։
Մուշեղ Իշխանի անունով դպրոց կայ Երեւանի մէջ, իսկ անոր կարգ մը բանաստեղծութիւններու հիման վրայ նաեւ երգեր յօրինուած են: