Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը ըմբռնում ցուցաբերեց իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու Սինիորայի որոշումին նկատմամբ` բարձր գնահատելով Սինիորայի դերակատարութիւնը լիբանանեան եւ արաբական ազգային եւ քաղաքական կեանքին մէջ:
Պլոքը նշեց, որ նոր խորհրդարանին մէջ օրէնսդրական նիստերուն ընթացքին Սինիորայի աշխուժ դերակատարութեան բացակայութիւնը զգալի պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը վարչապետ Սաատ Հարիրիի զօրակցութիւն յայտնեց` անոր գոյացնելիք ընտրական դաշինքներուն իմաստով, ընդգծելով երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
Մուսթաքպալ հոսանքը անհրաժեշտ նկատեց ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` խիտ շարքերով իրենց մասնակցութիւնը բերելու ընտրութիւններուն` քուէարկութեան ներկայանալով:
Պլոքը ողջունեց վարչապետ Հարիրիի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնն ու անոր արձանագրած արդիւնքները: