«Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած Յովհաննէս Չեքիճեանին «Հայրենիք»-ի շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է այդ արարողութեան մասնակից խումբ մը մտաւորականներու հետ:
Հանդիպումին սկիզբը նախագահը, նշելով, որ անցած տարիներուն պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած է մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ, անգամ մը եւս ընդգծած է երկրի կեանքին մէջ մտաւորականութեան դերն ու առաքելութիւնը եւ առաջարկած բաց ու անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ խօսիլ Հայաստանի եւ անոր ապագային մասին, յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք կառավարման նոր համակարգի պայմաններու մէջ` ակնկալելով լսել մտաւորականներու տեսակէտները, առաջարկները, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններն ու գնահատականները երկրի իրականութեան վերաբերեալ:
Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատած են նման հանդիպումներն ու քննարկումները, նաեւ անհրաժեշտ նկատած են խօսիլ Հայաստանի ապագայի իրենց պատկերացումներուն, հասարակութիւնը մտահոգող խնդիրներուն, որոնց այդ կարգին` երիտասարդներու կրթութեան, պետութեան քաղաքացի դաստիարակելու գործին մէջ մշակոյթի մեծ դերին, հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանման եւ շարք մը այլ խնդիրներու մասին:
Նախագահը պատասխանած է նաեւ մտաւորականները հետաքրքրող հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին երկրի անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան: Հանդիպումին մասնակիցները հանրապետութեան նախագահէն հետաքրքրուած են, թէ ան` իբրեւ երկրին մէջ երկար տարիներ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ զբաղցուցած, բազում դժուարութիւններով եւ պատերազմի բովով անցած անձ եւ քաղաքական առաջնորդ, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ ապագայ նախագահը, ըստ անոր ի՞նչ չափորոշիչներու պէտք է համապատասխանէ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը:
Ներկայացնելով իր պատկերացումը հանրապետութեան ապագայ նախագահին մասին` նախագահ Սերժ Սարգսեանը նշած է, որ կը կարծէ` խօսքը պէտք է վերաբերի մարդու մը, անհատի մը մասին, որ անցած ճամբայ ունի, ունի ճանաչում ե՛ւ երկրի ներսը, ե՛ւ դուրսը, կրնայ պատշաճ մակարդակով, ըստ արժանւոյն ներկայացնել Հայաստանը արտերկրի մէջ, այսինքն` կատարել իր ներկայացուցչական գործառոյթները ե՛ւ երկրի ներսը, ե՛ւ երկրէն դուրս: Ապագայ նախագահը, Սերժ Սարգսեանի պատկերացումով, պէտք է տիրապետէ օտար լեզուներու, ունենայ լայն կապեր թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, վայելէ հեղինակութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` անկողմնակալ մարդ ըլլայ, երբեք քաղաքականութեամբ զբաղած չըլլայ եւ կուսակցութեան անդամ եղած չըլլայ:
Յովհաննէս Չեքիճեանը Նախագահին Կողմէ
Պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիք»-ի Շքանշանով
Նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցած է «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած ժողովրդական արուեստագէտ, Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի ղեկավար Յովհաննէս Չեքիճեանին «Հայրենիք»-ի շքանշանի յանձնումի եւ մեծարման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին ժողովրդական արուեստագէտ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանի ասպետ Տիգրան Մանսուրեան ներկայացուցած է Յովհաննէս Չեքիճեանի կենսագրութիւնը, անցած ստեղծագործական ուղին եւ նուաճումները:
Հայաստան աշխարհը ներկայացնելու ազգանուէր գործին մէջ դրսեւորած անմնացորդ նուիրումի, մշակոյթի բնագաւառին մէջ ներդրած անձնական մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն կոչման արժանացած անուանի մտաւորականին յանձնելով «Հայրենիք»-ի շքանշանը` հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին անունով մաղթած է քաջառողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ անոր շնորհակալ գործին մէջ:
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան իր շնորհաւորական խօսքը յղած է ազգային հերոս Յովհաննէս Չեքիճեանին: