Անի Եսայեան Տէր Արթինեան
Տունս աղմկոտ էր զաւակներուս ճիչերով, վէճերով ու խնդուքով…
Տանս չորս դին տեսանելի էին գիրքեր, գրիչներ… անկողիններուն վրայ նետուած էին դպրոցական համազգեստներ ու զանազան հագուելիքներ…
Շատ անգամ բարկութեամբ կը յանդիմանէի զիրենք ու կը ստիպէի,որ հաւաքեն իրեց իրերը և կոկիկ պահեն մեր բոյնը…
Առաւօտուն՝ հարցումներու տարափ մը կը տեղար…
-Մամա, գիրքս ո՞ւր է. կ՛ըսէր մէկը.
-Մամ,ո՞ւր դրած ես անուշահոտս. կ՛ըսէր երկրորդը.
-Օրագիրս չեմ գտներ, ո՞վ առած է. կ՛ըսէր միւսը…
«Մամ,մամ,մամ…» և նման հարցումներ և պոռչտուք … իսկ ես նեղացած կ՛ըսէի. «Մեծցաք՝ ու ձեր հետ մեծցան ձեր հոգերը…»
Բայց այսօր…
Այսօր՝ կեցած տանս սենեակներուն առջև… կը տեսնեմ կոկիկ,լուր ու մաքուր ննջասնեակներ, բայց պարապ անկողիններ ու պահարաններ… ամայացած բնակարան մը, ուր միայն կ՛ապրին անցեալի քաղցր ընտանեկան յուշերը…
Այսօր, անոնք՝ աելի բարեկեցիք կեանքի մը հեռանկարով՝ հեռացած են հօրենական տունէն… բոլորն ալ կ՛ըսեն,որ պիտի վերադառնան ու պիտի ջանան փոխադարձել իրենց թանկագին մօր զոհողութիւնները…
Մօր սիրտը կը ցաւի եւ կ՛այրի իրենց կարօտով…
Այսօր, թէև ծերացած եւ տկարացած՝ երանելի կուտամ այն օրերուն, երանի մօտս ըլլային իրենց դժուարութիւններով և աղմուկով… ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔ…
Խօսքս կ՛ուղղեմ բոլոր երիտասարդ մայրերուն… Վայելեցէք ու զուարճացէք ձեր զաւակներուն հետ անցուցած ամէն մի պահ, միասին հիւսեցէք յիշատակելի կեանք մը, որովհետև պիտի գայ այն օրը, որ անոնք պիտի հեռանան ու դուք պիտի մնաք միայնակ…պիտի ապրիք յիշատակներով ու երազելով, որ անոնք օր մը պիտի վերադառնան ու կրկին խանդ ու եռանդ պիտի բերեն ձեր կեանքին…