Միացեալ Նահանգներու տարբեր Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւններ: Հիմնական միջոցառումները տեղի պիտի ունենան Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի եւ Գալիֆորնիոյ մէջ: Ապրիլ 24-ին, բազմամարդ ցոյց տեղի պիտի ունենայ թրքական դեսպանատան առջեւ: Բողոքի ցոյց նաեւ տեղի պիտի ունենայ Գալիֆորնիա նահանգի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ: