Այսօր՝ երկուշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2020, առաւօտեան ժամը 8-ին ( Երեւանի ժամանակացոյցով) ուժի մէջ պիտի մտնէ Մ. Նահանգներու միջնորդութեամբ մարդասիրական զինադադարի նոր համաձայնութիւն մը Արցախ- Ազրպէյճան ռազմաճականերուն վրայ:
Զինադադարի համաձայնութիւնը գոյացաւ ուրբաթ օր, Ուաշինկթընի մէջ, Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէուի հետ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ունեցած հանդիպումներուն լոյսին տակ:
Հայաստան եւ Արցախ անմիջապէս պատրաստակամութիւն յայտնեցին յարգելու զինադադարին պայմանները:
Միւս կողմէ, Հայայստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախագահներ Զօհրապ Մնացականեան եւ Ճէյհան Պայրամով, ԵԱՀԿ-ի Մինսկի համանախագահներուն հետ հանդիպում մը պիտի ունենան 29 հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերէշ, Մ. Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ ողջունեցին զինադադարի համաձայնութիւնը, 27 սեպտեմբերէն ի վեր, երրորդն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ