Թորոնթոյի Ալեք Մանուկեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ անդամ, հասարակական գործիչ, մտաւորական Յակոբ Ալթունեանի երկու նոր գիրքերուն շնորհանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերուն:
Գիրքերէն մէկը «Հայկական Մշակոյթի Լուսաւոր Ճանապարհներով» խորագրի ներքոյ, կը ներկայացնէ հայոց լեզուի զարգացման ընթացքը, իսկ միւսըՙ «Նուպար Փաշա եւ Պօղոս Նուպար Փաշա» վերնագրով, պատմութեան դատին կը յանձնէ հեղինակաւոր երկու ղեկավարներու կեանքի ուսանելի ճակատագիրները: Երկու գիրքերն ալ այս տարի իր 90-ամեակը բոլորող ՀԲԸՄ-ի վեթերան ղեկավարին համայնքային երկարամեայ փորձառութեան արդիւնքն են: Դրուատանքի խօսքերով հանդէս եկան աւագ քահանայ Զարեհ Զարգարեանը , Թորոնթոյի Սբ Երրորդութեան հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ՀԲԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղի գործադիր տնօրէն Սալբի Տէր-Ղազարեանը եւ առաջին գիրքի խմբագիր Սարգիս Համպոյեանը : Ընթերցուեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի նամակը: Երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ Լաուրօ Տարաքչեանն ու Կարին Եագուպեանը ընթերցեցին հատուածներ գիրքերէն:
Շնորհանդէսի հովանաւորներէն էր նաեւ «Համազգայինի» Գլաձոր մասնաճիւղը: Հեղինակին խնդրանքով գիրքերու վաճառքէն ստացուած հասոյթը պիտի յատկացուի ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի եւ «Համազգայինի» Գլաձոր մասնաճիւղերուն: