«Ազդակ»-ի առցանց 51-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 11 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մասնակցութեամբ հայրենի թէ սփիւռքահայ լրագրողներու, պատմագէտներու եւ մտաւորականներու: Օրուան բանախօսն էր Չեխիոյ «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան:
«Ազդակ»-ի անունով Մինաս Հանս Քէհեան վարեց լսարանային այս զրոյցը, ուր աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկաները տեղեկացան չեխահայ համայնքի ծագման, կազմաւորման, գործունէութեան հիմնական փուլերուն եւ այլ իրագործումներուն մասին:
Յակոբ Ասատրեան հակիրճ տողերու մէջ հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայութեան ներկայութեան Չեխիոյ մէջ, որ ըստ իրազեկ պատմագէտներու, կ՛երթայ մինչեւ 18-րդ դարու սկիզբը: Արդի շրջանին չեխահայ համայնքը հիմնականին մէջ կազմուած է 1990-ական թուականներէն ետք, յատկապէս` Խորհրդային Հայաստանի անկախացումով եւ սահմաններու բացումով, հազարաւոր հայեր, Հայաստանէն թէ նախկին խորհրդային շրջաններէն, ժամանեցին եւրոպական երկիրներ, որոնց կարգին` Չեխիա: Չեխիոյ հայ համայնքը իւրայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ Եւրոպայի հայկական համայնքներուն մէջ: Հայկական թէ օտար աղբիւրներ անդրադարձած են չեխահայ համայնքի մասին: Ասատրեան իր զեկոյցին մէջ թուեց չեխահայ համայնքի ականաւոր մշակութային, հոգեւոր թէ մտաւորական դէմքերը: Ըստ գերմանական աղբիւրներու, միջին դարերուն հայ վաճառականներ աշխուժ ներկայութիւն եղած են Չեխիոյ տնտեսական մարզէն ներս, յատկապէս` գորգագործութեան առումով: Աւելի ուշ Արեւմտահայաստանէն յատկապէս եոզկաթցիներ եւ վանեցիներ ժամանած են Չեխիա: Ան նաեւ նշեց հայ ազգային հիմնահարցերուն գծով չեխահայերու կեցուածքին եւ անոնց ունեցած ազգօգուտ ներդրումը, ինչպէս` երբ համայնքի երեւելի դէմքերու ջանքերով 2017-ին Չեխիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին, օրինակ, Քարիլ Հասայի «Արեւելքի սարսափները» խորագրեալ գիրքը կը նկատուի առաջին լուրջ վկայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ներկայիս Ասատրեանի կնոջ` «Օրեր» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեանի քննական թարգմանութեամբ եւ ծաւալուն ծանօթագրութիւններով նշեալ այս գիրքը հրատարակութեան կը պատրաստուի «Արեւելքի արհաւիրքները» խորագրով, ու կը նախատեսուի, որ լոյս տեսնէ յառաջիկայ սեպտեմբերին: 2006-ին նոյնինքն Յակոբ Ասատրեանի յառաջաբանով եւ կիպրահայ բարերարներու մեկենասութեամբ Հասայի նշեալ այս գիրքը թարգմանուած է չեխերէնի եւ բաշխուած` Չեխիոյ խորհրդարանի անդամներուն: Ասատրեան նաեւ նշեց, որ արեւելագէտ, լեզուագէտ, հայագէտ Նշան Մարտիրոսեանը, Փրակայի համալսարանին մէջ հիմնած է հայագիտական բաժանմունք: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին կապուած` չեխահայ համայնքը Ազրպէյճանին հասցէագրուած դիմումով պահանջած է հայ գերիներու ազատ արձակումը:
Յակոբ Ասատրեան նաեւ ամփոփ անդրադարձ կատարեց չեխահայ համայնքի կրթական, հոգեւոր ու հասարակական գործունէութեան մասին: Ան նշեց նաեւ Չեխիոյ մէջ լոյս տեսնող հայ մամուլը: Ասատրեանի գլխաւոր խմբագրութեամբ հրատարակուող «Օրեր» ամսագրին մէջ չորս էջեր յատկացուած են չեխերէն գրութիւններու: Ան նաեւ ընդգծեց գաղութին հիմնական իրագործումները, Չեխիոյ պետութեան` հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած բարեկամական ու զօրակից կեցուածքը, գաղութի հայասէր հայագէտները, գործարարները, կրթական մշակներն ու այլ ականաւոր դէմքերը: Դասախօսը խօսեցաւ Չեխիոյ մէջ թրքական եւ ազրպէյճանական քաղաքական թէ առեւտրական ներկայութեան մասին, յատկապէս` ազրպէյճանական քարիւղի Չեխիա ներածման վերաբերեալ: Միաժամանակ ան դիտել տուաւ, որ չեխ իշխանութիւնները նախանձախնդիր են խուսափելու հակահայ տրամադրութիւններ ստեղծելէ: Ասատրեան նաեւ յիշեց, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմին աւելի քան հինգ հարիւր հայ ռազմիկներ մասնակցած են նացիզմի դէմ Չեխիոյ ազատագրումի պայքարին` արժանանալով պետութեան կողմէ յետմահու գնահատման պարգեւատրումին: 2014-ին չեխահայ բարերարներու եւ գործունեայ դէմքերու ջանքերով Փրակայի մէջ զետեղուած է Չեխիոյ առաջին հայկական խաչքարը:
Աւարտին Յակոբ Ասատրեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: