Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2022-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը ջերմօրէն հիւրընկալեցին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:
Մտերմիկ այս հանդիպումին նախակրթարանի աշակերտութիւնը ջերմօրէն դիմաւորեց երեսփոխանը` ազգային ոգեշունչ երգերով: Աւարտին Յ. Բագրատունին իր սրտի խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, խրախուսեց զանոնք` հայօրէն ապրելու, հայկական վարժարանին յարկին տակ լաւապէս կազմաւորուելու եւ բարեյաջող երթ մաղթեց վարժարանի աշակերտութեան ու անձնակազմին:
Ազգային միացեալ վարժարանի մեծ ընտանիքը յուշանուէրով մը շնորհակալութիւն յայտնեց Յ. Բագրատունիին` այդ այցելութեան համար: