ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի պահուն անդրադարձաւ Արցախի վերանորոգ գոյամարտի ծալքերուն, Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ ընդհանուր իրավիճակին:
Նախ եւ առաջ, երեսփոխան Բագրատունի դրուատիքով նշեց, որ նշեալ կայանի տնօրէնութիւնը ի՛նք նախաձեռնած է լրագրող առաքել Արցախ` մօտէն հետեւելու եւ աշխարհին հաղորդելու տիրող իրավիճակին մասին: Ան ողջունեց «Էլ. Պի. Սի.»-ի Արցախի մէջ գտնուող լրագրողները:
Անդրադառնալով Արցախի գոյամարտին` Յակոբ Բագրատունի կատարուող դէպքերը պատերազմ որակեց` հանգամանօրէն հիմնաւորելով անոր պատմական հիմքերը, Արցախի պատմական ու աշխարհագրականօրէն հայկական պատկանելիութիւնը, 1920-ական թուականներուն օրուան Խորհրդային Միութեան ղեկավար Ստալինի կողմէ նորահաստատ Ազրպէյճանին նուէր տրուիլը` հասնելով մինչեւ 1988-ի փետրուարեան ազատամարտը: Ան անհաւանական չնկատեց, որ դէպքերու շարունակումը յանգի նոյնինքն շրջանային պատերազմի: Փաստօրէն քանի մը օրեր առաջ Ազրպէյճան ներքին եւ արտաքին շարժառիթներով սկսաւ հրթիռարձակումի` Արցախի եւ Հայաստանի սահմանագիծին ուղղութեամբ:
Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ Ազրպէյճանի կողմէ գործածուող զինամթերքին 70 առ հարիւրը իսրայէլեան արտադրութիւն է, եւ այս գծով Հայաստանի իշխանութիւնները տուն կանչած են Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը: Հիմնաւորեալ տեղեկութիւններով Բագրատունի հաստատեց, որ Թուրքիա վարձկան ահաբեկիչներ կ՛ուղարկէ կռուելու համար Արցախի ու Հայաստանի դէմ: Ան նշեց, որ Արցախ աշխարհագրական խոչընդոտ է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացման` թուրանական երազի ճամբուն վրայ: Բագրատունի համոզում յայտնեց, որ շրջանի պետութիւնները տակաւին սպասողական վիճակի մէջ են ստուգելու, թէ կողմերէն ո՛ր մէկը աւելի զօրաւոր է: Բագրատունի ընդգծեց, որ աշխարհասփիւռ հայորդիներ, որոնք կը փութան կամաւոր կերպով կռուելու` մարտիկներ են եւ ոչ անջատողականներ, զուգահեռ բաղդատական մը կատարելով Իսրայէլի դէմ պայքարող պաղեստինցիներուն հետ:
Մէջբերելով Էրտողանի վերջերս կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «Երուսաղէմը թրքական է», երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ համաթուրանական վտանգին դեռեւս առկայութիւնը շրջանին մէջ: Բագրատունի խիստ բարձր գնահատեց Արցախի մէջ պայքարող տղաքը` զանոնք կոչելով հերոսներ, որոնցմէ շատեր տակաւին հերթի կը սպասեն Հայաստանի մէջ ճակատ մեկնելու համար: Բագրատունի մերժեց Ազրպէյճանին այսպէս կոչուած «գրաւեալ» հողեր վերադարձնելու կարելիութիւնը` շեշտելով, որ այդ հողերը ի սկզբանէ հայկական են այլ հողամասերու կողքին: «Այդ հողերը իրենց չեն, որպէսզի վերադարձնենք», ընդգծեց Բագրատունի: «Այսօր հայ ժողովուրդը Արցախի սահմանին կը պայքարի Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող ու անոր զօրակցութիւնը վայելող միջազգային ահաբեկչութեան դէմ», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: