Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Իմատ Օսման շրջաբերական մը յղեց Ներքին ապահովութեան ուժերու սպաներուն եւ զինուորներուն՝ հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան հետ գործակցաբար թրքերէնի ուսուցման առցանց դասընթացքներ պիտի կատարուին։
Այս շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի հետ՝ իր զարմանքը յայտնելով այս տարօրինակ որոշումին առնչութեամբ։
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ երկրին դիմագրաւած հսկայական այս տագնապներուն ընթացքին, երբ ամէնուր կը շօշափենք թրքական միջամտութիւնը, կարելի չէ ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ նման պաշտօնական որոշում պէտք է տալ եւ նման դասընթացք առաջարկել։
«Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները թրքերէն չեն խօսիր։ Եթէ անոնց նպատակը լրտեսներ պատրաստել է, ապա անոնք թուրքերուն հաշուոյն լրտեսներ կը դառնան։ Հասկնալի է, որ ոմանք փափաքին անգլերէն, ֆրանսերէն կամ սպաներէն սորվիլ, սակայն թրքերէ՞ն եւ այս ժամանակաշրջանի՞ն, երբ Թրիփոլիի մէջ ապահովական տագնապալի կացութիւն կը տիրէ, եւ թրքական սպասարկութիւնները զանազան վայրերու եւ տարբեր շրջանակներու մէջ կը փորձեն կարծիք ձեւաւորել եւ տեսակէտ պարտադրել, ինչպէս նաեւ թրքական քաղաքականութիւնը տարածել։ Ամէն պարագայի՝ այս քայլը կը մնայ անհասկնալի», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի։
Իր կարգին, Ֆահմի փորձեց բացատրել, որ այդ որոշումը Ներքին ապահովութեան ուժերուն համար պարտադիր չէ եւ անիկա կը նմանի այլ լեզուներ, ինչպէս անգլերէն, սպաներէն կամ իտալերէն ուսուցանելու ծրագիրներուն։
Ֆահմի խոստացաւ այս հարցը հետապնդել եւ համապատասխան լուծումի մը յանգիլ։