«Այս օրերուն մենք, թէ այլ միութիւններ կենցաղային կարիքներ կը հոգանք: Ես քանի մը անգամ այցելեցի Պէյրութի աղէտեալ շրջաններ, ընտանիքներու հետ հանդիպեցայ»: Այս մասին արտայայտուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Նիուզ» կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին ` անդրադառնալով 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով լիբանանահայութեան խնդիրներուն:
Ըստ անոր, կան ամբողջութեամբ քանդուած տուներ` անբնակելի, կան կիսաքանդ բնակարաններ եւ նուազ վնասներով տուներ: Մահացած հայերուն թիւը վերջնական 13 է, վիրաւորներունը` 270, անոնք ապաքինման փուլի մէջ են, սակայն հիմնական խնդիրը կը մնայ մարդոց բնակարաններու, վաճառատուներու կամ գործարաններու վերականգնումը, դեղորայքի խնդիրը:
Երեսփոխան Բագրատունի կ’ընդգծէ, որ վերականգնման խնդիրը միայն անմիջական օժանդակութիւնը չէ, այլեւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու մշակումը, որովհետեւ հարուածին հետեւանքները վերացնելու համար երկար ժամանակ կը պահանջուի:
Թէ հիմնականին մէջ ի՞նչ խնդիրներ ունի հայ համայնքը, քանի՞ մարդ տուն չունի, Բագրատունին կը նշէ, որ վիճակագրական տուեալները պիտի ամփոփուին քանի մը օրէն:
«Որովհետեւ, այս ահուդողին մէջ շատերը իրենց բնակարանները լքած, գացած են, եւ կը փորձենք կապ հաստատել անոնց հետ: Լիբանանահայութեան վերականգնման մարմինը արդէն իսկ լծուած է այս աշխատանքներուն: Նախնական, այսօրուան տուեալներով` շուրջ 4.800 բնակարանի մասին կը խօսինք, բայց ասոնք ամբողջովին քանդուած տուներ չեն, այլ տարբեր կարգի վնասուածքներով տուներ, անոնցմէ նուազագոյնը 100 բնակարան ամբողջովին քանդուած է, եւ մնացեալը միջին եւ նուազ վնասուածքով են: Անշուշտ յառաջիկայ օրերուն նորերն ալ պիտի ըլլան, որովհետեւ մինչեւ մեր կաթողիկոսարանի շրջանի բարձունքներն ալ վնասուած են, որոնք անմիջական աղէտի գօտիի մէջ չեն, ժամանակ պէտք է, որ այդտեղի գնահատումներն ալ կատարենք», ընդգծեց ան:
Պայթումէն տուժած, բայց Հայաստան չմեկնած հայրենակիցներուն կարիքները, ըստ Յակոբ Բագրատունիի, կը հոգան հայկական միութիւնները, կուսակցութիւնները եւ Ազգային առաջնորդարանը:
«Անմիջական օժանդակութիւն կը ցուցաբերենք, թէ՛ նիւթական, թէ՛ սննդամթերքի ձեւով, թէ՛ այլ հարցերով: Նոյնիսկ արդէն իսկ հաստատած ենք եւ երկուշաբթի օրուընէ կը սկսի աշխատիլ հոգեբանական աջակցութեան կեդրոնը, որովհետեւ հոգեբանական վնասը այնքան մեծ է թէ՛ երեխաներու, թէ՛ մեծերու մօտ, որ նաեւ այդ խնդիրը կայ», ըսաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Յայտնենք, որ վերջին օրերուն Հայաստանէն Լիբանան օգնութիւն հասցուցած օդանաւերով շուրջ 100 հայ մեկնած է Հայաստան:
Կարծիքներ կը հնչեն, որ Լիբանանէն զանգուածային հայրենադարձութիւն պէտք է կազմակերպուի: Մեր հարցումին, թէ անոր անհրաժեշտութիւնը կա՞յ, Յակոբ Բագրատունին կ’արձագանգէ. «Այս խնդիրը մեզի համար գաղափարական խնդիր է: Իբրեւ Դաշնակցութեան պատասխանատու մարդ, կրնամ ըսել, որ անկասկած հայրենադարձութիւնը անհրաժեշտութիւն է, սակայն ատիկա կը պահանջէ լուրջ ռազմավարութիւն` երկուստեք, թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ: Նախ` ի՞նչ է այդ հայեցակարգը, որուն վրայ պէտք է կազմակերպուի հայրենադարձութիւնը, եւ արդեօք Հայաստանի պետութիւնը այսօր ի վիճակի՞ է ապահովելու բազմահազար հայերու հայրենադարձութիւնը, երկրորդ` հայրենադարձութեան մէջ պէտք է նկատի ունենալ, որ կազմակերպուած հայկական համայնքները կ’արժէ՞ քանդել, թէ՞ ոչ: Այդ համայնքներէն իւրաքանչիւրին գնահատականը պէտք է տրուի նաեւ քաղաքական իմաստով: Երրորդ` հայրենադարձութեան մասին կարելի չէ մտածել միայն այն պարագային մէջ, երբ աղէտ կը պատահի: Հայաստան վերադարձողը միայն թշուառ, տնազուրկ մարդը պէտք չէ ըլլայ», նկատել կու տայ Բագրատունի եւ կ’աւելցնէ, որ այդ հարցերը շատ խորքային ձեւով պէտք է քննարկել:
Ան ցաւով կը նշէ, որ հայրենադարձութեան մասին կը խօսին այնպիսի շրջանակներ եւ անհատներ, որոնք տարիներ առաջ Լիբանանէն հեռացած եւ Միացեալ Նահանգներ արտագաղթած են: Երեսփոխան Բագրատունի կը շեշտէ. «Եթէ Լիբանանէն հայ մը պէտք է հեռանայ, ապա իբրեւ Դաշնակցութիւն` մեզի համար միակ հասցէն Հայաստանն է: Մարդիկ կան, որոնք կ’ըսեն` դուն իրաւունք չունիս մարդոց ըսելու, թէ իրենք ո՛ւր պէտք է երթան, բայց մենք կ’ըսենք մեր կարծիքը, որ միայն Հայաստան պէտք է երթանք: Ով ուր կ’ուզէ երթալ, վերջին հաշուով ինք կ’որոշէ»:
(Շար. 1)