Ամերիկահայ բարերար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աջակից դոկտ. Մայք Սարեանը Պրիւքսելի մէջ Հայ դատի յանձնախումբին համար գրասենեակ գնելու նպատակով տուած է 300 հազար ամերիկեան տոլար նուիրելու խոստում:
«Դոկտ. Մայք Սարեան Քալիֆորնիոյ գաղութի այն բարերարներէն է, որ իր լուման կը բերէ մեր ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան հետապնդման ճամբուն վրայ` Հայ դատին կատարած Մայք Սարեանի այս ներդրումը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ», հաստատեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:
Մայք Սարեան նաեւ տեսաուղերձով յաջողութիւն մաղթած էր 28 փետրուարին Հայաստանի մէջ սկսած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն: Անդրադառնալով հայութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն, մասնաւորապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմի պատճառով ունեցած մեծ կորուստներուն` ամերիկահայ բարերարը յոյս յայտնած է, որ միասնական աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ կերտել աւելի լաւ ապագայ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Այս առաքելութեան մէջ ան առանձնայատուկ կերպով կարեւոր նկատած է Դաշնակցութեան դերը, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին պէտք է Ընդհանուր ժողովին բիւրեղացնէ իր որոշումներն ու ընելիքները:
«Դաշնակցութիւնը ուժեղ է իր աջակիցներով, որոնք տարբեր միջոցներով կը նպաստեն մեր համազգային ընդգրկում ունեցող աշխատանքներուն: Հայ դատի հետապնդման ջանքերը, մասնաւորապէս, մշտապէս կարիք ունին ուշադրութեան եւ ներդրումներու, կամաւոր եւ մասնագիտական ներուժի ներգրաւման: Այս նուիրական գործունէութեան իրենց նպաստը կը բերեն բազմաթիւ բարերարներ, մասնագէտներ, երիտասարդներ: Դոկտ. Մայք Սարեանի նուիրատուութեան այս նախաձեռնութիւնը, անշուշտ, էապէս պիտի նպաստէ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ պիտի ըլլայ դրական նոր ազդակ` նմանատիպ աջակցութիւններու համար: Շնորհակալութիւն մեր համազգային դատի հետապնդման աշխատանքներուն աջակցելու, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթելու համար», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: