ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Ոչ ոք գիտէր, թէ ինչ էր պատճառը Նանսիին հանդէպ Վիքիին ցուցաբերած անտեսումի կեցուածքին, որ վարակած էր նաեւ միւս աղջիկները եւ տեւեց երկրորդական վարժարանի հինգ տարիներու ընթացքին: Եւ Նանսին, հակառակ իրեն դէմ որդեգրուած այդ ժխտական վերաբերմունքին, յամառօրէն շարունակեց յաճախել մեր դպրոցը, մտքին ծայրէն անգամ չանցընելով փոխել միջավայրը:
Բոլոր ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը գրաւած էր այս անբացատրելի վարմունքը:Դպրոցին հոգեբանը մէկ առ մէկ կանչած էր այդ աղջիկները եւ խօսած, բացատրած, թելադրած, որ փոխէին իրենց մերժումի այս ընթացքը, անոնք խոստացած էին, բայց չէին գործադրած: Ուզած էր պատճառը հասկնալ, անոնք կ’ըսէին, թէ իրենց յարաբերութիւնը նորմալ է, թէ Նանսին ինքն է հեռացողը: Պէտք է ըսել, թէ որոշ ճշմարտութիւն մը կար այդ խօսքին մէջ: Նանսին ինքնամփոփ աղջիկ մըն էր.դիւրաւ հաղորդակցող մէկը չէր.. ուրիշ ազդակ մը եւս կար.անիկա հիւսիսի փոքրիկ մը գիւղէ մը փոխադրուած էր ծնողքին հետ, հետեւաբար մայրաքաղաքի բարքերուն անծանօթ էր. նաեւ,երբ նոր մտած էր դպրոց,զինք քաշքշած էին, իր գաւառացիի շեշտին, հագուածքին համար եւ «գիւղացի» անունը փակցուցած էին իրեն.աւելի ճիշդ՝Վիքին էր հեղինակը այդ ծածկանունին. արհամարհանքի եւ ծաղրանքի պիտակ մը:Նանսին իմացած էր ատիկա եւ շատ ազդուած. իր մէջ ստորակայութեան զգացում մը արթնցած էր. հետեւաբար նախընտրած էր ինք իր պատեանին մէջ քաշուիլ եւ անհրաժեշտ պարագաներու միայն խօսիլ: Մերժումը երկուստեք էր: Հոգեբանը Նանսիին հետ ալ խօսած էր, բայց անիկա կը շարունակէր լուռ մնալ: Դասարանին ղեկավարը՝ Վիքին էր, որ ճիպոտը իր ձեռքին մէջ կը պահէր եւ միւս աղջիկները հլու, հնազանդ իրեն կ’ենթարկուէին:Անիկա կը սիրէր շրջապատուած ըլլալ իրեն հիացողներով, աւելի ճիշդ՝քծնողներով. գիտէր նաեւ առատօրէն վարձատրել: Իր տարեդարձի խրախճանքները փառաւոր էին. անշուշտ Նանսին չէր հրաւիրուեր: Շաբաթավերջերուն՝ յաճախ ընկերուհիներով, սինեմա, թատրոն, կամ պարելու կ’երթային եւ Երկուշաբթի բարձրաձայն կը պատմէին իրենց անցուցած հաճելի ժամերը եւ արկածախնդրութիւնները իրենց տարեկից տղոց հետ. այս ձեւով կը փորձէին միւս աղջիկներուն եւ յատկապէս Նանսիին նախանձը գրգռել: Ուսուցիչները կը զգուշանային աւելորդ յանդիմանութիւններ ուղղելէ Վիքիին,որ բաւական ամբարտաւան էր.իսկ հայրը՝հարուստ գործատէր մը, իր կարգին խնդրայարոյց մարդ մըն էր,որ առիթ չէր փախցներ դպրոցէն գանգատելու պատրուակներ գտնելու:
Բոլորին զարմանք կը պատճառէր Նանսիին սթոյիկեան կեցուածքը. անտարբերութեամբ եւ անտրտունջ կը կրէր իր դասընկերուհիներուն պաղ վարուելակերպը:Նոյնիսկ մօրը չէր պատմեր իր հարցերը, անոր ցաւ չպատճառելու համար:
Մի քանիներ, որ իրեն հանդէպ չէին տրամադրուած, հազիւ կը խօսէին իրեն հետ, տեսնելով իր խուսափողական կեցուածքը:
Հիմա արդէն հինգերորդ էին եւ նախորդ տարուընէ սկսած էին շրջանաւարտի ճամբորդութեան համար իրենց ծնողներուն հետ միասնաբար՝շաբաթավերջերը ընթրիք պատրաստել եւ դպրոցի ճաշասրահին մէջ մատուցել: Ատկէ գոյացած գումարը կը յատկացնէին իրենց ճամբորդութեան:
Նանսիին հայրն ու մայրը եւս կը մասնակցէին այս աշխատանքին. Կարծես իրենց հանդէպ եւս նոյն վերապահ կեցուածքը կար միւս ծնողներուն կողմէ. այն տարբերութեամբ, որ նուազ զգալի կը դարձնէին. յաճախ կը կատակէին, ժողովներու ժամանակ անոնց կարծիքը մտիկ կ’ընէին, բայց անբացատրելի բան մը կար:
Ուսումնական տարին իր աւարտին կը մօտենար: Շրջանաւարտները իրար անցած էին: Մէկ ամիս յետոյ, հայրենիք պիտի ճամբորդէին, ապա Եւրոպայի մի քանի մայրաքաղաքներ:
Նախապէս աղջիկները պիտի որոշէին , թէ պանդոկին մէջ,որու հետ կ’ուզէին նոյն սենեակը պառկիլ: Բոլորն ալ ընտրեցին իրենց զոյգերը. միայն Նանսին դուրս մնաց ցանկէն: Ի վերջոյ՝ երկու աղջիկներ համաձայնեցան, որ իրենց սենեակը մնար:
Շրջապտոյտը տեւեց երեք շաբաթ:
Վերադարձէն յետոյ, ուսուցչուհի մը դպրոցին ճաշարանը սուրճ կը խմէր,երբ Նանսին անցաւ հոնկէ. եկած էր նախորդ տարուընէ մնացած առարկայի մը քննութիւնը տալու: Իրենցմէ զատ ոչ ոք կար: Օրիորդը զինք քովը կանչեց. հարցուց, թէ ինչպէս անցուցած էր ճամբորդութիւնը: Նանսին նախ չուզեց պատասխանել.բայց յետոյ խոստովանեցաւ, որ հաճոյքէ աւելի տառապանք եղած էր իրեն համար: Պտոյտներու ժամանակ, միւսները իրարու հետ կը խօսէին, կը կատակէին, բայց, կարծես ինք գոյութիւն չունէր .գիշերները իրենց սենեակը կու գային եւ Նանսին կը խանգարէին, ճամպրուկը կը բանային, հագուստները կը խառնէին, սպասելով, թէ ինչ պիտի ըլլար իր հակազդեցութիւնը. բայց ինք չէր բողոքեր:
Վերադարձի նախօրեակին, երբ գնումի պիտի երթային, յանկարծ իր դրամապանակը անհետացաւ. որքան փնտռեց չգտաւ: Հարցուց ընկերուհիներուն, անոնք ալ չէին գիտեր: Ինք Վիքիէն կը կասկածէր, բայց չէր յանդգներ հարցնելու, վախնալով, որ կրնար կռիւ ստեղծել, առանց վստահ ըլլալու, զինք ամբաստանելուն համար: Երեք աղջիկներ զինք նեղ կացութենէ փրկելու համար, իրեն դրամ փոխ տուին, որ կարենար նուէրներ գնել:
Յաջորդ առտու ՝երբ օդակայան պիտի մեկնէին, դրամապանակը մէջտեղ ելաւ. դրամը նոյնութեամբ մէջն էր:Նանսին յետոյ իմացաւ, որ Վիքին պահած էր, զինք ջղայնացնելու համար, բայց չէր յաջողած:
Տարիներ անցան:
Աղջիկները երբեմն կը հաւաքուէին ճաշելու, խօսելու անցեալէն, ներկայէն, կատակելու: Ոմանք ամուսնացած էին, զաւակներ ունէին, մի քանիներ՝ամուրի. Վիքին այս վերջիններուն խումբին մաս կը կազմէր: Իր երկրորդականի տարիներէն՝խելացնոր կերպով տղու մը սիրահարուած էր: Երկուքն ալ որոշած էին միասին կենակցիլ նախքան ամուսնութիւնը, հակառակ իրենց ծնողներու ընդդիմութեան: Սակայն, երկու տարուան մէջ այդ կարծեցեալանխախտ սէրը մաշեցաւ, երբ թէ՛Վիքիին եւ թէ՛տղուն նկարագրի ծալքերուն մէջ թաքնուած բացասական գիծերը ի յայտ եկան՝ապացուցելու համար, որ իրարու յարմար զոյգ մը չեն կազմեր:Վիքիին խոր ցաւ պատճառեց այս բաժանումը, մանաւանդ, երբ իմացաւ, որ սիրած տղան արդէն ամուսնացած է:
Իսկ ի՞նչ գիտէինՆանսիին մասին, ոչ մէկը լուր ունէր իրմէ, երկրորդականը աւարտելէն յետոյ: Սակայն իրենցմէ մէկը ըսաւ, թէ ընտանեօք ուրիշ երկիր փոխադրուած են: Արդէն զիրենք շատ ալ չէր ալ շահագրգռեր Նանսին, որ շուքի պէս եկաւ եւ անցաւ դպրոցէն:
Ըստ մեր վարժարանի երկարամեայ սովորութեան՝ ամէն տարի՝վկայականաց բաշխման, բեմ կը հրաւիրուի քսան հինգ տարի առաջ շրջանաւարտ եղած հունձքը: Այդ տարի հերթըՎիքիին դասարանին էր, որ պիտի ստանար յուշանուէր մը ուսումնական խորհուրդէն: Բոլորն ալ, առանց բացառութեան եկած էին այդ նշանակալից ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար:
Հանդէսի աւարտին՝տնօրէնը յայտարարեց, թէ Նիւ -Եորքէն ժամանած է հայ զոյգ մը եւ կարգ մը ծանօթութիւններ տուաւ իրենց մասին, առանց ըսելու, թէ ովքեր էին.(հիւրերուն խնդրանքին ընդառաջելով): Ապա ժպտելով ըսաւ ..«մեզի համար շատ ուրախալի լուր մը. մեր յարգելի հիւրերը յանձն առած են հինգ դասարաննոց յարկ մը եւս աւելցնել մեր դպրոցի շէնքին վրայ,նկատի առնելով աշակերտութեան թիւի աճը: Այս նուէրը իր տիկնոջ կողմէ երախտագիտութեան տուրք մըն է մեր դպրոցին հանդէպ, ուր հինգ տարի յաճախած է եւ շատ ուրախ եւ անմոռանալի օրեր անցուցած է, շրջապատուած սիրելի եւ ազնիւ դասընկերուհիներով,որոնք միշտ օգտակար եղած են իրեն, իր դժուար վայրկեաններուն: Ապա զիրենք բեմ հրաւիրեց եւ այն ատեն է, որ յայտարարեց անոնց անունները :
Երբ բեմ բարձրացան,Վիքին գրեթէ ուշաթափ պիտի ըլլար, երբ տեսաւ Նանսին բեմին վրայ, անճանաչելի դարձած էր.գեղեցկացած, նրբացած, վայելչօրէն հագուած եւ կողքին գեղադէմ եւ հարուստ ամուսինը:Նանսին հանդիսականներուն նայելով, յաղթական կը ժպտէր:Իր ուսանողական տարիներուն կրած դառնութիւնները մոխիրի վերածուած էին, եւ հիմա երջանկութիւնն էր, որ լիառատ կը հոսէր ջրվէժի նման:
Կեանքը եւ իր զարմանալի անակնկալները:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ