ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Շուշիի ազատագրութեան եւ Հայրենական մեծ պատերազմին առիթներով, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, ինչպէս նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յղեցին ուղերձներ:
Արայիկ Յարութիւնեան կը նշէ, որ 9 Մայիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մեջ արձանագրուած է՝ իբրեւ անոր ազատատենչ ու աննկուն ոգիի, խիզախումի եւ սխրագործութեան, հայրենիքի հանդէպ անսահման սիրոյ, նուիրուածութեան ու անձնազոհութեան խորհրդանիշ:
«Մենք հպարտ ենք, որ Յաղթանակի կերտման գործում իր նշանակալի աւանդն է ունեցել նաեւ Արցախը, որի բնակչութեան իւրաքանչիւր երրորդը մեկնել է ռազմաճակատ՝ տալով ԽՍՀՄ բազմաթիւ հերոսներ, մարշալներ, ծովակալներ, հրամանատարներ: Նրանց հերոսական աւանդոյթները շարունակել են հետագայ սերունդները՝ 30 տարի առաջ կամաւորական խմբերից կազմաւորելով կանոնաւոր բանակ, յաջողութեամբ իրականացնելով Շուշիի ռազմագործողութիւնը եւ ազատագրելով հայոց հինաւուրց բերդաքաղաքը: Սակայն այսօր Շուշին կրկին գերութեան մէջ է, ինչպէս մեր հարիւրաւոր սրբավայրերն ու բնակավայրերը, որոնք ոչնչացւում են եւ ենթարկւում վանդալիզմի Ադրբեջանի կողմից: Նրանց նպատակն է ի սպառ վերացնել հայկական հետքն ու հայութեանը՝ ոտնահարելով միջազգային իրաւունքի բոլոր նորմերն ու սկզբունքները: Այսօր Արցախի անվտանգութիւնը մեր պաշտպանութեան բանակի հետ միասին ապահովում է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմը: Մենք խորապէս երախտապարտ ենք մեր բարեկամներին՝ արցախցիների կողքին լինելու եւ ըստ ամենայնի աջակցելու համար», իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ Արցախի նախագահը:
Եզրափակելով՝ ան կը հաստատէ, որ յանուն մեր հերոս պապերու, հայրերու ու որդիներու սուրբ յիշատակին եւ յանուն գալիք սերունդներուն՝ Արցախը պէտք է ըլլայ միշտ հայկական եւ անառիկ:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յայտնեց, որ պանծալի այս տօները տակաւին բեկուած սիրտերով եւ վշտացած հոգիներով կը դիմաւորենք, որովհետեւ տակաւին չեն յաղթահարուած Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմի աղէտալի հետեւանքները, չեն վերադարձած գերութենէն մեր զաւակները, տեղեկութիւն չունինք անյայտ կորսուածներուն մասին, իսկ հազարաւոր ընտանիքներ մնացած են առանց զաւակներու կամ ծնողներու: «Մեր աղօթքն ու խոնարհումը՝ զոհուած հայրենեաց պաշտպաններու անմահ յիշատակին», կ՛ըսէ կաթողիկոսը:
«Ազգիս դարաւոր պատմութիւնը՝ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները յաղթահարելու, յաղթանակներ կերտելու բազում վկայութիւններով, մեզ պատգամ է մատուցում նոյն ոգով դիմակայելու մեր ժողովրդի եւ հայրենիքի դէմ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներին: Ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան համար մղուած պայքարները, որոնց նշանաւորումն է այսօր, խորհրդանիշն են համազգային համախմբուածութեան ու միաբանութեան, որոնք առաւել քան երբեք անհրաժեշտ են բարդագոյն այս իրավիճակում, որպէսզի միասնաբար դիմագրաւենք յառնած հիմնախնդիրներին եւ կերտենք վաղուայ նոր օրը, լուսաւոր ապագան եւ մեր նոր յաղթանակները», կը յայտնէ կաթողիկոսը:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան դիտել կու տայ, որ տասնամեակներ շարունակ հայ ժողովուրդը մեծ ոգեւորութեամբ նշեց 9 Մայիսի եռատօնը: «Այսօր հայոց բերդաքաղաք Շուշին, չնայած գերեվարուած, շարունակում է լինել հայ ազգի վերածննդի պատմական արդարութեան խորհրդանիշներից կարեւորագոյնը։ Իսկ Պաշտպանութեան բանակի հիմնադրումը ազգապահպան իր առաքելութեամբ լրացրել է մայիսեան յաղթանակների շքերթը: Մայիսի 9ը՝ իբրեւ յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօն, մեզ համար միշտ լինելու է ոգեշնչման աղբիւր եւ վկայութիւն: Մայիսեան հերոսամարտերի ամենամեծ խորհուրդը, սակայն, միասնութիւնն ու ազգային ոգու ամրապնդումն է, խաղաղ եւ ստեղծագործ կեանքով ապրելու իրաւունքը վերանուաճելու եւ ամուր պահելու գաղափարը:
«Համոզուած եմ, որ գալիք սերունդները, ոգեշնչուած իրենց պապերի ու հայրերի սխրանքներով, շարունակելու են նոր յաղթարշաւներ՝ յանուն մեր երկրի գոյութեան, հզօրացման, զարգացման ու բարգաւաճման», կը յայտնէ Արթուր Թովմասեան:
Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան յայտնեց, որ 9 Մայիսը հայ ժողովուրդի տարեգրութեան ամէնէն նուիրական ու հպարտութիւն պարգեւող օրերէն է, որ կ՛ամփոփէ պայքարելու, յաղթանակ կերտելու եւ հայրենիք պաշտպանելու խորհուրդը: «Յաղթանակի բերկրանքն ու հայրենիքի նուիրեալ զաւակի զգացողութիւնը երբեք չի լքելու մեզ, որովհետեւ մենք շարունակում ենք կրել մաքառող, արարող ու ծանր փորձութիւններ յաղթահարող հայ ժողովրդի հազարամեայ գեներն ու արժեհամակարգը: Մեծ Հայրենականում կերտած յաղթանակի, Շուշիի ազատագրման ու Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման պատմական իրադարձութիւնները մենք այսօր արժեւորում ենք մարդկային պարզ զգացողութիւններով՝ հպարտութեամբ, զսպուածութեամբ ու վճռականութեամբ: Մեր խնդիրն ու պարտականութիւնն է աշխատել ու արարել յանուն մեր հայրենիքի բարօրութեան, մեր սերունդների ապահով ապագայի եւ զարգացած ու զօրացած երկրի», կ՛ըսուի Բեգլարեանի ուղերձին մէջ: