Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսներու եւ Եպիսկոպոսներու Ընտրական Սիւնհոդոսը, որ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի յաջորդի ընտրութեան աշխատանքներուն սկսած էր Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջԿիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2021-ի Երեկոյեան` Ս. պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ, յետ խորհրդակցութիւններու, իր 23Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան նիստին, ընտրեց Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ ՀայոցԱռաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, որպէս Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ԻԱ-րդ Կաթողիկոս Պատրիարք, որ ստացաւ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. անունը: