Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը 2017 թուականին հիմնեց «ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» հիմնադրամը` արժեւորելու հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը:
Այս առիթով կը յայտնենք, որ կազմուած է հնգանդամ Գնահատիչ մարմին, որ ստացուած գրական նիւթերէն մասնագիտական ընտրութիւն կատարելէ ետք, եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի յայտարարէ 2019 հոկտեմբերին` Հայ մշակոյթի ամսուան փառաւոր հանդիսութեան օրերուն:
Ինչպէս անցեալին, հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի 2018-ին իրենց լոյս ընծայած գիրքերէն հինգական օրինակ եւ նոյնին համացանցային PDF տարբերակը մինչեւ 2019 թուականի ապրիլ 30-ը փոստով առաքել տիկին Սօսի Նագգաշեանին:
Հասցէ`
Sossie Naccashian
11848 Rue Filion,
Montreal, Quebec, H4J 1T3
CANADA E-mail: [email protected]