Պոլսահայ յայտնի տնտեսագէտ, Մասաչուսէթսի արհեստագիտական համալասարանի փրոֆէսոր Տարօն Աճեմօղլու Թուրքիոյ տնտեսութեան հետ կապուած պարզաբանումներ տուած է:
Թրքական Cumhuriyet-ի փոխանցմամբ` Տարօն Աճեմօղլու յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը առողջ չէ: Ան շեշտած է, թէ ներկայիս արձանագրուած տնտեսական աճը ոչ թէ արտադրութեան աւելամցան այլ պահանջարկի աւելացման արդիւնք է:
«Թրքական կառավարութեան յայտարարած տնտեսական հեռանկարները ընդամէնը լաւատեսական կանխատեսումներ են, սակայն իրականութիւնը այլ է: Թուրքիոյ տնտեսական կառուցուածքին մէջ լուրջ խնդիրներ կան: 2018-ին եւ 2019-ին Թուրքիոյ մէջ տնտեսական աճը պիտի դանդաղի եւ ճգնաժամի լուրջ վտանգ կայ»,- news.am-ի փոխանցմամբ` ըսած է ան:
Նշենք, որ յայտնի պոլսահայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու կը գլխաւորէ տնտեսագիտական ուսումնասիրութիւններով զբաղող առցանց RePEc ծրագրի ամէնաազդեցիկ տնտեսագէտներու ցանկը:
Մասաչուսէթսի արհեստագիտական հիմնարկի փրոֆէսորը 2, 223 առաջատար տնտեսագէտներէ լաւագոյնը ճանչցուած է տասը տարուան ընթացքին իր կատարած գիտական աշխատանքներուն համար:
Տարօն Աճեմօղլու ծնած է 1967-ին, Պոլիս: 1986-ին աւարտած է Գալաթասարայի աւագ դպրոցը: Այնուհետեւ, աւարտած է Լոնտոնի «Եորք» համալսարանը եւ դոկտորական պաշտպանած Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան դպրոցին մէջ: 1993-ին համալրած է Մասաչուսէթսի արհեստագիտական հիմնարկի մասնագէտներու շարքը` 2000-ին ստանալով փրոֆէսորի կոչում: