Համայն հայութիւնը կը նշէ Երիտասարդ Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձը: Անկախութեան առիթով, յուզական յօդուածի մը կամ՝ խմբագրականի մը փոխարէն,առարկայական մօտեցումով պիտի փորձեմ ներկայացնել հայրենի առօրեան, իր ընկերային, տնտեսական երեսներով: Փորձենք ընթերցողին ազնիւ նկատողութեան յանձնել աշխարհաքաղաքական այն բոլոր մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կը գտնուի մեր հայրենիքը այսօր:
Իսկական անկախութիւնը քաղաքական կամքի եւ վճռակամութեան արտայայտութիւն է: Ան խարսխուած պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին ամբողջական միասնակութեան,համազգային համախոհութեան եւ միահամուռ կեցուածքին վրայ, հեռու՝ ներքին անտեղի ու արհեստական հակասութիւններու քաշքշուքներէն:Պետականութիւն վայելող աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու նման, մեզմէ կ’ակնկալուի համազգային պատկերացում եւ կեցուած՝ հայրենիքի ապագային, անոր պետականութեան առաջնահերթութիւններուն, սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, արտագաղթի,ինչպէս նաեւ Հայաստանի ընկերային, տնտեսական, քաղաքական կեանքին մէջ երեւելի ու աներեւոյթ բացթողումներուն առջեւ: Ժողովրդավար, իրաւական եւ օրէնքի պետութեան կառուցումը պիտի դառնայ մեր բոլորին նպատակակէտը: Պետականութիւն կառուցելու ընտրանքը ուղեցոյց եւ համոզում պիտի ծառայէ մեր ժողովուրդին եւ ոչ միայն՝ խօսք: Հայը, ինչպէս ոեւէ քաղաքակիրթ ժողովուրդ,ամենուրէք պիտի ունենայ միեւնոյն հայեցակարգը:
Առարկայականութիւնը պիտի չկուրացնէ մեզ, նոյնպէս ալ՝ յուզականութիւնը: Քննադատութիւններու մէջ ըլլանք դիպուկ եւ մեկին: Չքննադատենք՝ քննադատելու սիրոյն: Ճիշդ գնահատենք,ապա վերլուծենք այն պայմանները,որուն մէջ կը գտնուին հայրենիքը ղեկավարելու կոչուած պաշտօնակատարները: Փորձենք մենք զմեզ դնել անոնց իւրաքանչիւրին դիրքին մէջ՝ արդեօք ին՞չ պիտի կատարէինք մենք՝ անոնց փոխարէն, միեւնոյն պայմաններու տակ: Ճիշդ գնահատենք հայրենիքին կարելիութիւնները: Անոր ցանկութիւնները կրնան ասպնջական ըլլալ, կարելիութիւնները՝ սահմանափակ: Եդեմի պարտեզներու հետ չշփոթենք հայրենի իրականութիւնը եւ յուսախաբութեան չմատնենք մեզի հետեւորդ զանգուածները: Իրապաշտ ըլլանք մեր ակնկալութիւններուն մէջ, սակայն փոխարէնը գործօն դերակատարութիւն եւ խօսք պահանջենք հայրենակերտումի աշխատանքներուն մէջ:
Դիւրին չընթացան անկախութեան 23 տարիները: Խորհրդային հասարակարգէն դուրս եկած նորանկախ պետութիւնը զրկուած էր տուեալ համակարգի տնտեսական օղակներէն: Ատրպէյճան անմշիջապէս փակեց դէպի Հայաստան հոսող կազամուղը, ինչպէս նաեւ երկաթուղագիծը: Տնտեսական շրջափակումին կանխեց ուժանիւթային շրջափակումը: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Հայաստանը կեցաւ տնտեսական քայքայումի դէմ յանդիման: Այս մտահոգիչ կացութեան առջեւ առաջնահերթ նշանակութիւն ունեցաւ մեր պետականութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորող ազգային բանակին կազմութիւնը: Բանակը դարձաւ անկախութեան պաշտպանութեան վահանակիրը: Անկախութեան ուղին բռնած Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութիւնը սկսաւ պետականութիւն կառուցելու գործընթացին: Անոր առաջին քայլը դարձաւ օրէնսդիր, գործադիր եւ իրաւական բուրգերուն միջեւ իշխանութիւնները անջատելու աշխատանքը:
Անկախացումէն ետք Հայաստանի տնտեսական կեանքը ապրեցաւ վայրէջք: ԽՍՀՄ փլուզումը, Մեծ Երկրաշարժը եւ Հայաստանի շրջափակումը: Պետական ունեցուածքի անկազմակերպ եւ անիրապաշտ սակերով վաճառքը, արդիւնաբերութեան սեփականաշնորհումը, պետութեան կողմէ սեփականաշնորհուած հաստատութիւններու նկատմամբ անտարբերութիւնը քայքայեցին երկրին արդիւնաբերութիւնը, աճեցաւ գործազրկութիւնը: Ասոր կողքին պետական ունեցուածքը կեդրոնացաւ խումբ մը մարդոց ձեռքը : Նուազ ժխտական հետեւանք չունեցաւ հողը սեփականաշնորհելու որոշումը, որ նոյնպէս դարձաւ խումբ մը մարդոց մենաշնորհը: Պետութիւնը կարեւոր քայլի դիմեց շրջանառութեան մէջ դնելով ազգային դրամանիշը, սակայն մինչ այդ տնտեսական երաշխիքներու բացակայութեան, սպառողական իրերու անհամատեղելի աճը, աւելի ծանրացուց ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական իրավիճակը եւ պատճառ դարձաւ որ աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացիներ գաղթեն հայրենիքէն: Այս ժամանակաշրջանը ծանր հետք լքեց մեր հայրենի ժողովուրդին հոգեբանութեան մէջ:
Հայաստան այսօր կեցած է քաղաքացիական հասարակութիւն, իրաւական պետութիւն կառուցելու ճանապարհին վրայ: Պէտք է հաստատել, որ վերջին տարիներուն կը նկատուի տնտեսական որոշակի վերելք: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ, մեր իշխանութիւններուն հիմնական հարցը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումն է: Լուծում, որ կ’երաշխաւորէ Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը եւ կ’ենթադրէ բարելաւել Հայաստանի տնտեսական վիճակը: Հայաստանի իշխանութիւնները ռազմա-քաղաքական հաւասարակշռութիւն կը ձգտին պահպանել՝ արեւմտեան եւ արեւելեան երկիրներու տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն միջեւ: Հայաստան, միաժամանակ կը փորձէ մասնակից դառնալ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան եւ փոխադրութեան ճանապարհներուն, երկիրը կարելի եղած չափով դուրս բերելու տնտեսական մեկուսացումէն:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկը Անկախ Պետութիւններու Հասարակարգի մէջ յարաբերութիւններու խորացումն է, որովհետեւ վերջինս կը ներկայացնէ ռազմա-քաղաքական եւ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներ: Առաջնահերթ նշանակութիւն ունի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու խորացումը: Բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատուած են նաեւ Իրանի հետ: Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են տնտեսական, մշակութային եւ հաղորդակցութեան բազմաթիւ համաձայնագիրներ: Միւս կողմէ, Հայաստան առ այսօր բազմաթիւ ջանքեր գործադրած է Թուրքիոյ հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ,սակայն Թուրքիա անընդունելի պայմաններ կը ներկայացնէ, հրաժարելու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան յիշատակութենէն,առանց մոռնալու՝ Ատրպէյճանի գերակայութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը կը մնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջադրանքներէն մէկը:
Հայաստանի անկախութեան հռչակումը շրջադարձային քայլափոխ է մեր ժողովուրդին համար: Անկախութեան 23-րդ տարեդարձը՝ հզօր, ժողովրդավար հայրենիք կերտելու, անոր սահմանները պաշտպանող մեր քաջարի բանակին հաւատարմութեան ուխտի վերանորոգութեան օրն է: Խոկումի պահ, ոչ միայն գնահատելու անկախութեան արժէքը,այլ յանձնառութեան պատրաստ, պահպանելու՝ պատմութենէն մեզի ժառանգ մնացած ափ մը հողը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ