ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահին գրասենեակը 24 Մայիսին տեղեկացուց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նամակ մը յղած է իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւին՝ շնորհաւորելով Ատրպէյճանի հանրապետութեան հարիւրամեակը։
Ստորեւ՝ նամակին թարգմանութիւնը.
«Յարգելի պարոն նախագահ,
Ամերիկացի ժողովուրդին եւ իմ անունով կը շնորհաւորեմ ձեզ, Ատրպէյճանի ժողովրդավարական հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին առթիւ:
Ատրպէյճանն ու Միացեալ Նահանգները սերտօրէն կը համագործակցին տարածաշրջանային բարդ մարտահրաւէրներ յաղթահարելու համար: Բարձր կը գնահատեմ մեր համագործակցութիւնը՝ ապահովութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մեր երկարամեայ առեւտրական կապերը:
Յառաջիկայ ամիսները հեռանկարներ պիտի բանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար, ինչ որ աւելի լաւ պայմաններ պիտի ստեղծէ ամերիկա-ատրպէյճանական համագործակցութեան ընդարձակման համար»: