Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան
Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները եւ յարձակումները Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի շրջանի մէջ՝խլեցին չորս հայ զինուորականներու կեանքը բայց շատ աւելի ազերի մահեր։ Հայ չորս զինուորներու մահը դարձաւ նահատակութիւն։ Նահատակութիւն՝որովհետեւ անոնք իրենց կեանքերը տուին կառչելով այն հաւատամքին թէ հայը իրաւոնք ունի ապրելու իր սեփական հողին վրայ՝Հայաստան եւ Արցախ։ Բայց մանաւանդ ապրելու համար հայուն կեանքը իր արժանապատուութեամբը՝կառչելով իր ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութեան եւ հաւատքին։ Եւ այս կեանքը Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան պահանջած ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆ է։ Արդարութիւն մը՝որուն հայը կը հաւատայ հասնիլ ոչ թէ կեանքեր սպաննելով այլ կեանքեր շինելով։ Եւ չորս տղոց նահատակութիւնը նոյնինքն այս կեանքերը շինելու գրաւականին մէջ է։
Տղաք, ձեր երիտասարդ կեանքերը եւ նահատակութիւնը մենք պիտի սեղմենք մեր սրտերուն մէջ որպէս կայծ՝բայց մանաւանդ ապրելու խթան։ Եւ պիտի աղօթենք Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը ձեր ընտանեկան պարագաներուն։ Եւ մեր արձուքները պիտի միացնենք ձեր հարազատներու ցաւին եւ արցունքին՝ որպէս յարգանքի եւ մանաւանդ երախտագիտութեան խօսք։