Մինչ մարդկային արժէքները շատ մը տեղեր անդունդն ի վար կը գահավիժեն, Լիբանանի NDU համալսարանի ուսանողները անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ իրավիճակը անյոյս չէ:
Իրենց համալսարանական վկայականը ստանալու նախօրէին եւ այնտեղ, ուր տեղի պիտի ունենայ վկայականաց բաշխման աւանդական արարողութիւնը, նկարին մէջ երեւցող հսկայական պաստառը տեղադրած են առ ի երախտագիտութիւն եւ ի յիշատակ իրենց դասախօսին՝ մեր սիրելի ընկ. Հրայր Հովիւեանին:
Հաւատարմութիւնն ու երախտագիտութիւնը մարդկային վեհ արժանիքներ են, որոնց պահպանումը մանաւանդ երիտասարդ սերունդին մօտ չափազանց գնահատելի է եւ աւելի քան յուսադրիչ երեւոյթ: Այս մէկը նաեւ ապացոյցն է իրենց դաստիարակող մեծերուն ազնիւ առաքելութեան յաջողութեան:
Խունկ, մոմ, փառք եւ պատիւ Հովիւեան դաստիարակին յիշատակին:
«Խմբ.»