Մեր ժողովուրդը, իր ունեցած ազգային բազում բարեմասնութեանց ու սովորութեանց կողքին, ունի նաեւ յարգանքի ու մեծարանքի մասնաւոր առանձնաշնորհում մը, ուր չի զլանար յայտնելու իր զգացած ազնիւ զգացումները այնպիսի մեծութիւններու նկատմամբ, որոնք իրենց բարեգործութեամբ, քաջագործութեամբ կամ եզակի ներդրումներով սատար կը հանդիսանան մեր ազգին, եկեղեցւոյն կամ հայրենիքին:
Եւ արդարեւ, նմանօրինակ բացառիկ երեկոյի մը վկաները դարձանք, երբ ներկայ գտնուեցանք Լիբանանի սրտին վրայ բարձրացած եւ ուղիղ 50 տարիներէ ի վեր հայապահպանման ազնիւ, բայց դժուարին աշխատանքը գործնականացնելու համար հիմնադրուած եւ Նազարեան Գերդաստանի կողմէ կեանքի կոչուած Լ.Կ.Նազարեան վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած յոբելեան-ճաշկերոյթին, եւ նոյն այդ հաստատութիւնը գործնականացուցած բարերար Նազարեան Ընտանիքի ազնուահոգի անձնաւորութիւններու մեծարման բացառիկ երեկոյեան, որ տեղի ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Տէմիրճեան Կեդրոնէն ներս, Ուրբաթ, 17 Մայիս 2013-ի երեկոյեան, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:
Միութեան Տէմիրճեան Կեդրոնէն ներս, Ուրբաթ երեկոյ կը տիրէր իսկական տօնական մթնոլորտ, ուր հրաւիրեալներ առաջին իսկ րոպէին կ’ընդունուէին Միութեան Կրթական Յանձնախումբի եւ Նազարեան վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ, առաջնորդուելով Բ. յարկի բացօդեայ թէրասը, ուր ներկաներ հնարաւորութիւնը կ’ունենային զրուցելու մէկզմէկու հետ, իսկ աւելի ուշ անոնք հաճոյքով ականատես կը դառնային Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէի խանդավառ երաժշտութեան նուագի տակ թռչող՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ընկերակցութեան «Արին» պարախումբէն փունջ մը՝ երեք տասնեակ պարուհիներու «Վարդագոյն Աղջիկներու Պար»ին, որ հաճելի տրամադրութիւն տեղծեց հրաւիրեալներու մօտ:
Բոլորի կողմէ սպասուած եզակի յոբելենական միջոցառման ներկայ էին՝ Բարերար Գերդաստանի բարերար անդամներ ու շառաւիղներ: Այսպէս՝ ներկայ էին՝ բարերար ու Լիբանանի խորհրդարանի պետական երեսփոխան Տիար Արթուր Նազարեանն ու իր տիկինը, եղբայրը՝ Տիար Լեւոն Նազարեանը, իրենց քոյրը՝ Տիկին Սոնիա Նազարեան-Գրուշեանը, բարերարի թոռ՝ Տիար Կէրի Նազարեանի կողակիցը՝ Միշէլ Նազարեանը:
Ներկայ էին մասնաւորաբար Միացեալ նահանգներէն ժամանած բարերար Նուպար Նազարեանի դուստր, եւ Միութեանս Նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանի կողակիցը՝ բարերար Տիկին Վերա Նազարեան-Սեդրակեանը, ինչպէս նաեւ իրենց դուստրը՝ Օր. Լարա Սեդրակեանը:
Յոբելենական երեկոյեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, պետական ու պաշտօնական անձինք, ինչպէս՝ նախարար Վրէժ Սապունճեան, երեսփոխաններ՝ Ժան Օղասափեան, Շանթ Չինչինեան եւ այլ յարգելի բարերար ու պատասխանատու անձինք:
Հանդիսաւոր երեկոյեան ներկայ էին Հ.Բ.Ը.Միութեան ներկայ եւ շրջանաւարտ Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներ՝ գլխաւորութեամբ՝ Տիար Ժերար Թիւֆէնկճանի եւ իր տիկնոջ: Ներկայ էին նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Կրթական Տնօրէն (Նիւ Եորք) Արթուր Համալեանը, միութեան այլ բարերարներ եւ վարչականներ, ինչպէս նաեւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Հ.Բ.Ը.Միութեան վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, մտաւորականներ եւ ծնողներ, որոնց դէմքերուն վրայ երեկոյի ամբողջ տեւողութեան, ընթեռնելի էր ուրախութեան ժպիտը:
Յոբելենական երեկոյեան պաշտօնական բացումը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի քայլերգներով, որոնցմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հ.Բ.Ը.Միութեան Շրջ. Յանձնաժողովի ատենադպիր եւ Կրթական Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիկին Սիլվա Լիպարիտեանը:
Ան իր խօսքին սկսաւ յուզումնախառն արտայայտութեամբ, որուն մէջ կար ուրախութեան եւ հպարտութեան ջերմ զգացում: Տիկին Լիպարիտեան ըսաւ. « Յիսուն տարիներ առաջ երազ մը իրականացաւ..: 50 տարիներ առաջ, Կիրակի 14 Յունուար 1962-ին, պարզ հողաշերտ մը Սին Էլ Ֆիլի մէջ, դարձաւ յոյսի աղբիւր՝ իւրաքանչիւր լիբանանահայու համար..: Այդ յիշատակելի օրը, Տիկին Սաթենիկ Նազարեանը եւ իր երեք տղաքը, Կարպիս, Նուպար եւ Նազար Նազարեաններ, հաւատարիմ մնալով իրենց ամուսինէն ու հօրմէն փոխանցուած յանձնարարութեան, կեանք տուին Բարերար Լեւոն Նազարեանի «Դպրոցաշինութեան Կտակ»ին, հիմը դնելով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ.Նազարեան վարժարանին: Այս գիշեր, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի տան մէջ, հաւաքուած ենք բոլորս տօնելու այդ հրաշալի երազին իրականացման 50-ամեակը: Ի՜նչ գեղեցիկ ու պարծենալի երեւոյթ մըն է որ կը պարզուի»:
Տիկին Լիպարիտեան շարունակելով իր խօսքը, ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս ենք բոլորս այսօր..: Հոս ենք, միայն մէկ պատճառով, մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու Նազարեան բարերար ընտանիքին, իրենց մեզի ընծայած թանկագին ու հայ պատանին յաւերժ արժեւորող նուէրին համար, որն է՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանը»:
Ան իր արտայայտութեան մէջ կարեւորեց վարժարանի յիսնամեայ հեզասահ ճանապարհը, յաջողութիւնները, բարձրորակ ուսումը եւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ ունեցած կարեւոր ու անժխտելի դերը, եւ իր խօսքը վերջացուց շնորհակալութեամբ, ուղղուած Նազարեան Բարերար Ընտանիքին, Շրջանակային Յանձնաժողովին, Կրթական Յանձնախումբին, Նազարեան վարժարանի տնօրէնութեան, Ծնողաց Վարչութեան, Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Գրասենեակին եւ եւ միջոցառման կազմակերպման համար տքնած բոլոր աշխատողներուն:
Տիկին Սիլվա Լիպարիտեանի խոհականութեամբ լեցուն արտայայտութեան յաջորդեց Լ.Կ.Նազարեան վարժարանի անցած յիսնամեայ կրթական բեղուն ճանապարհը ցուցադրող տեսաերիզ, պատրաստուած՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարաններու տնօրէն Պարոն Արա Վասիլեանի կողմէ, ուր կ’երեւէր Բարերար Նազարեան Ընտանիքի աւագ ու ներկայ սերունդի ներկայացուցիչներ, վարժարանի հիմնարկէքի նկարներ, ամեակներու վրայ երկարող շրջանաւարտներու շարան, ու յոյսի փարոսի արգասաբեր արդիւնքը… երբ Մեսրոպի այս Սուրբ դարբնոցէն շրջանաւարտ եղած էին մինչեւ օրս աւելի քան 1500 հայորդիներ, որոնք այսօր, հասակ առնելէ եւ կեանքի ասպարէզ նետուելէ ետք հպարտութիւն ու ուրախութիւն կը ներշնչէին թէ՛ համանուն վարժարանին եւ թէ՛ Հ.Բ.Ը.Միութեան մեծ ընտանիքին:
Ցուցադրութեան ընթացքին, ուշագրաւ էր Բարերար եւ Միութեանս նահապետ Պարոն Կարպիս Նազարեանի ողջոյնի սրտայոյզ խօսքը եւ Նազարեան Վարժարանի հիմնադրութեան ազգոգուտ ծառայութեան նպատակը, որ ունէր յիսնամեայ պատմութիւն:
Նոյն առթիւ, Պրն. Արա Վասիլեան ընթերցեց Բարերար Պրն. Նազար Նազարեանի (Միացեալ Նահանգներ), սրտի խօսքը: Բարերարը իր խօսքին մէջ գոհունակութեամբ կ’ըսէր.
«Թանկագին բարեկամներ. ուրախութեամբ լսեցի, որ կ’ուզէք նշել «Նազարեան Վարժարան»ի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը: Խոստովանիմ, որ երբ առաջին անգամ լսեցի այս մասին, սկիզբը՝ ուրախացայ, բայց նաեւ… յուզուեցայ: Ուրախացայ, որ հօրս ու մօրս յիշատակին բարձրացած հայկական այս տունը արդէն դարձած է 50 տարեկան, եւ Նազարեան Վարժարանը 50 տարիներ շարունակ ծառայած է Լիբանանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ լաւագոյնս, արդարացնելով իրեն վստահուած ազգային պարտականութիւնը…»:
Պարոն Նազար Նազարեան իր խօսքը շարունակեց հետեւեալ արտայայտութեամբ.
«Մենք ուրախ ենք, որ կրցանք 1962-ին իրականացնել մեր հօր տարիներու երազը, եւ մեր ժողովուրդին պարգեւել հայկական կրթական օճախ մը, որ հակառակ Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի քաղաքական վերիվայրումներուն, մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ կանգուն, հպարտ եւ ան կը վայելէ հովանաւորութիւնը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, եւ անմիջական սէրը՝ վարժարանի պատասխանատուներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն ու ծնողներուն»:
Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական մասնաւոր յայտագիր, մասնակցութեամբ գնահատուած արուեստագէտներու: Հոս պէտք է շեշտենք, որ գեղարուեստական յայտագրի մասնակցող արուեստագէտներ, բոլորն ալ շրջանաւարտ եղած են Նազարեան, եւ այսօր, տարիներ ետք, անոնք եկած էին իրենց երախտագիտական զգացումը յայտնել սոյն հայ կրթարանին…: Եւ ուրեմն, առաջին հերթին հանդէս եկաւ ծանօթ սոփրանօ՝ Յասմիկ Սանոսեան-Թէմիզեանը, որ իր առինքնող ու թաւշային քնքուշ ձայնով, մեկնաբանեց երկու հայրենասիրական՝ «Երեւանի գիշերները», (գործ՝ Ա.Տոլուխանեանի), եւ «Երգիր ինձ համար», (գործ՝ Ա.Յարութիւնեանի) երգերը, զուարթ տրամադրութիւն ցանելով ներկաներու վրան, խանդավառելով զանոնք:
Զոյգ հայաբոյր երգերու ձգած հաճելի տպաւորութենէն ետք, դաշնամուրի վրայ հանդէս եկաւ լիբանանահայ դաշնակահար Սեւակ Տէրղուկասեանը, որ վարպետօրէն նուագեց Առնօ Պապաջանեանի «Elegia»ն եւ իր ու Վ. Հորանիի կողմէ գրուած «Rondo for piano» կտորը, յաջող մեկնաբանութեամբ, գնահատուելով ներկաներու կողմէ:
Հաճելի ունկնդրութիւն մըն էր թէնօր Ճօնի Կէօքճեանի կատարողութիւնը, երբ ան անթերիօրէն հրամցուց «Santa Lucia»ն, (գործ՝ T.Cottreau)-ի եւ «Հայաստան»ը, (գործ՝ Ա.Այվազեանի), որուն ընկերացաւ մանկավարժ եւ դաշնակահարուհի՝ Տիկին Ցոլինէ Էլմայեանը, նոյնքան վարպետութեամբ, արժանանալով գնահատանքի ու ծափի:
Երբ աւարտին հասաւ գեղարուեստական յայտագիրը, երեկոյեան կարեւորութեան մասին խօսեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Կրթական Տնօրէն՝ (Նիւ Եորք), Տիար Արթուն Համալեանը: Ան իր խօսքին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Նազարեան Վարժարանի անցած 50 տարիներու ճանապարհին, անոր դերին ու բերած ազգօգուտ նպաստին: Ան ըսաւ.
«Նազարեան Վարժարանը Լիբանանի մէջ, Դարուհի-Յովակիմեան եւ Կարմիրեան Վարժարաններու կողքին, մեր կրթական լայն համակարգին գեղեցիկ եւ արժէքաւոր երեք քարերէն մին կը հանդիսանայ իր ներկայութեամբ, յատուկ դիմագիծով եւ ազգանուէր գործունէութեամբ:
Ան 50 տարիներէ ի վեր, մեծ եւ հարազատ ընտանիքի դեր կատարած է՝ այս շրջանին մէջ ապրող բազմաթիւ հայ պատանի-պատանուհիներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար, ըլլալով ապահով կռուան մը, կրթական ջերմ շրջապատ մը, եւ Միութեան նպատակներու իրագործումին համար կարեւոր գործօն մը, ինքնութեան մշակումին եւ ազգային գիտակցութեան կազմաւորումին ուղղութեամբ»:
Պարոն Արթուն Համալեան գնահատելէ ետք Նազարեան վարժարանի յաջող երթը եւ մինչեւ օրս ձեռք բերած արդիւնքները, խօսքը աւարտեց ըսելով. «Ես բարձր գնահատանքս եւ շնորհաւորութիւններս կը փոխանցեմ Նազարեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին, տարեդարձի այս գեղեցիկ առիթով: Միաժամանակ կ’ուզեմ ընդգծել, թէ Լիբանանի դժուար, բայց եւ Միջին Արեւելքի մեր համայնքներուն համար փաստօրէն կենսական դերին եւ կարիքներուն հասկացողութենէն մեկնելով, մեր դպրոցներուն վերապահուած է չափազանց կարեւոր եւ պատասխանատու դեր, նոր սերունդին ջամբելու ընտանեկան, ընկերային եւ բարոյական բարձր արժէքներ, միաժամանակ անոնց մէջ մշակելով ինքնավստահութիւն եւ բարձրին ձգտում, նաեւ հաւատք, թէ իրենք կրնան յաղթահարել իրենց շրջապատի ներկայ իրականութեան պատուարները եւ հասնիլ բարձրագոյն յաջողութիւններու»:
Իր խօսքէն ետք, Պարոն Արթուն Համալեան ընթերցեց Հ.Բ.Ը.Միութեան Նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի գիրը:
Յարգելի Նախագահը իր խօսքին մէջ կ’ըսէր.
«1962-ին Հ.Բ.Ը.Միութեան Նազարեան Վարժարանի հիմնադրութիւնը հանգամանօրէն ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ ան արդիւնքը եւ դրսեւորումն էր այդ օրերուն նախ Սուրիոյ եւ ապա Լիբանանի ծաղկուն համայնքներէն ներս ազգային եւ միութենական կառոյցներով ծաւալող Հ.Բ.Ը.Միութեան կրթական առաջատար գործունէութեան, նաեւ մեր ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս զարգացող բարդ իրադրութիւններու հոլովոյթին:
Հետեւաբար, պատմական այդ ժամանակահատուածի իրականութեան ծանօթ ըլլալով միայն կարելի է իրապէս ըմբռնել թէ ինչո՞ւ յատկանշական էին Լեւոն Կ. Նազարեանի փափաքը եւ իր ընտանիքի բարերարութիւնը՝ Պէյրութի այդ յատուկ շրջապատին մէջ հիմնելու վարժարան մը, Հ.Բ.Ը.Միութեան հոգատարութեամբ, Հայրենիքին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին կառչած անոր ազգային անշեղ եւ քաջարի կողմնորոշումով:
Ի պատիւ Նազարեան ընտանիքին, Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեաններու արժանաւոր զաւակներ՝ Կարպիս, Նուպար, Մարի եւ Նազար Նազարեանները, իրենց բարերարութեամբ եւ հոգատարութեամբ իրականացուցին իրենց ծնողներու տեսիլքը եւ փափաքը»
Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ 50-ամեակը խորհրդանշող կարկանդակի հատում, մասնակցութեամբ Նազարեան Ընտանիքի ներկայացուցիչներու եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի պատասխանատուներու, որմէ ետք գնահատելու համար Գերդաստանի միութենանուէր, եկեղեցանուէր, ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնները, բարերարութիւնները եւ Աստուածահաճոյ ներդրումները՝ Պէյրութէն մինչեւ Հայաստան ու մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ժամն էր համապատասխան յուշամետալներու յանձման, որպէս խորհրդանիշ՝ երախտագիտութեան,ձեռամբ Լիբանանի Շրջանակային Յանձաժողովի Ատենապետ Պարոն Ժերար Թիւֆէնկճանի եւ Կրթական Յանձնախումբի Ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Լիպարիտեանի:
Ուրեմն, մեծ որախութեամբ եւ բուռն ծափահարութեանց ներքեւ, 50-ամեակի համար մասնաւորաբար պատրաստուած նոյնանմնան յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան Բարերարներ՝ Կարպիս, Նուպար եւ Նազար Նազարեաններու զաւակներ ու շառաւիղներ: Յուշանուէրները, որոնք գործն էին լիբանանահայ քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի յանձնուեցան՝ Պարոն Լեւոն Նազարեանին, Տիկին Վերա Նազարեան-Սեդրակեանին եւ Օրիորդ Լարա Սեդրակեանին:
Միթէ, իրական հաշուեյարդար չէ՞ր այս նուիրական պահը… երբ հայ մանուկը որպէսզի չմնա՛ր առհանց հայկական դարբնոց, կեանքի կոչուած էր այս հրաշալի Նազարեան կոթող-դարբնոցը, որու դռնէն ներս քանի՜-քանի՜ երեխայ ու պատանի մուտք գործեր էին եւ հաղորդուէր՝ Մեծն Մաշտոցի հրաշագործ գաղտնիքով… ու տիրացեր մեր սքանչելի լեզուին, դառնալու համար անոր պահապանն ու պաշտպանը:
Յետ պարգեւատրման խանդավառող արարողութեան, շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Բարերար Կարպիս Նազարեանի որդին՝ Պարոն Լեւոն Նազարեանը: Ան հանգամանօրէն ըսաւ.
«Մեզի, բոլորիս համար, բացառիկ գիշեր մըն է այս պահը, որուն համար ուրախ ենք բոլորս: Ուրախ ենք, որովհետեւ մեր մեծ հօր՝ Լեւոն Կ. Նազարեանի ունեցած երազի արդիւնքով կեանքի կոչուած «Նազարեան Վարժարան»ը, այսօր դարձած է 50 տարեկան եւ անցնող 50 տարիներու ընթացքին ան տուած՝ իրմէ սպասուած բարի պտուղները, շնորհիւ այդ վարժարանի շէնութեան համար աշխատած պատասխանատուներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն եւ անոնց գործին վստահած մեր յարգելի ծնողներուն:
Ուրախ ենք, որ 50 յիսուն գարուններ տեսած այս վարժարանը, մինչեւ օրս, առանց վարանումի կը շարունակէ իր նուիրական ճանապարհը, որուն դռնէն ներս, ամէն օր, ուրախ-զուարթ կը մտնեն տասնաւոր հայ աշակերտներ, որպէսզի անոնք սիրով սորվին մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը եւ ստանան ուսում ու գիտութիւն»:
Ապա Պարոն Լեւոն Նազարեան աւելցուց.
« Օգտագործելով առիթը, ըսեմ, որ այս կրթական օճախը, ճիշդ է, կը կոչուի «Նազարեան Վարժարան», սակայն ան իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, դադրած է մերը ըլլալէ… եւ ան կը պատկանի մեր ժողովուրդին, մեր ազգի զաւակներուն, այս պարագային՝ մեր բոլորին սիրելի ու յարգելի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որ իր կարգին 50 տարիներէ ի վեր, իսկական մօր մը նման կը գուրգուրայ ու կը խնամէ այս վարժարանը, զայն պահելով մինչեւ հիմա՝ մեղուի ժրաջան փեթակի մը նման»:
Պարոն Նազարեանի շնորհակալական խօսքէն ետք, իր սրտի խօսքը փոխանցեց բարերար Նուպար Նազարեանի թոռ, Հ.Բ.Ը.Մ. Նախագահ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններու դուստր Լարա Նազարեանը, յուզումնախառն, բայց իմաստուն ու բովանդակալից հակիրճ արտայայտութիւնով, որ գնահատուեցաւ մեծապէս ներկայ հրաւիրեալներու կողմէ:
Հայաշունչ ու մտերմիկ երեկոյեան ընթացքին կատարուեցան նաեւ բազմաթիւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որպէսզի կրթական այս Սուրբ յարկը շարունակէ՛ իր հայաբոյր կրթանուէր ճանապարհը, որուն սկսած է կէս դար առաջ, հասցնելով բազմահարիւր շրջանաւարտներ..:
Արդ, դալար ճանապարհ՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նազարեան Վարժարանին..: