ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Կիրակիէն Երկուշաբթի՝ 28 Յունուարէն 29 լուսցող գիշեր, Պոլսոյ Փենտեք շրջանին մէջ յարձակումի թիրախ դարձած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան գրասենեակը:
Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքին՝ անյայտ անձեր կոտրած են գրասենեակի դռները, վնասած են գոյքը եւ հրդեհի տուած են շէնքը:
Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է կասկածելի մը, որուն մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։